2017-07-06 08:57:00

Բռնութիւնը միայն բռնութիւն կը ծնի. ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները յայտարարութիւն տարածած են


ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ Ռիչըրտ Հոկլանտը (ԱՄՆ) յայտարարութիւն տարածած են, Յուլիս 4-ին, Ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ իրադրութեան լարման վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ համանախագահները նշած են,

«Ստացած ենք տեղեկատւութիւն Յուլիս 4-ի ուշ երեկոյեան Ֆիզուլիի շրջանի Ալխանլու գիւղի շրջանի բռնութեան վերսկսման մասին, որ պատճառ դարձած է մարդկային կորուստներու, ներառեալ եւ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ:

«Մինսկի խումբը հրատապ կերպով կոչ կ՝ընէ կողմերուն՝ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնը: Բռնութիւնը միայն կը ծնի յետագայ բռնութիւն եւ ոչինչ կու տայ: Այս երկարատեւ հակամարտութեան լուծման միակ պատասխանատու եւ մարդկային ճանապարհը կողմերուն համար բարի կամքով բանակցային սեղանի շուրջ վերադառնալն է»:

Անոնք նաեւ իրենց ցաւակցութիւնը յայտնած են զոհերու ընտանիքներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.