2017-07-05 09:29:00

Քաթարի մէջ քրիստոնեայ հաւատացեալներու թիւը հետզհետէ կը նուազի


(Ռատիօ Վատիկան) Քաթարի եւ  ծոզի արաբական  պետութիւններու  միջեւ տեղի ունեցող բախումները արդէն սկսած են ազդել երկրի կաթողիկէ փոքրիկ հասարակութեան վրայ։ Այս մասին  մտահոգութիւն յայտնած է Քույէյթի, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Պահրէյնի առաքելական փոխանորդ՝ գերապայծառ Քամիլլօ Պալլին, Ասիա Նիւզ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։ 

Գերապայծառ Պալլին, Քաթարի քաղաքական տագնապը նկատած է ընկերային գետնի վրայ մարդկային տագնապ, որ արդէն իսկ պատճառած է հազարաւոր մարդոց գործարկում, երկրի ներկայ վիճակը նկատելով անկայուն, անապահով իրավիճակ։

Ան ապա նշած է, թէ Քաթարէն հաւատացեալներու հեռացումի հետեւանքով, երկրին մէջ գտնուող Քրիստոնեայ հասարակութիւնը հետզհետէ կը տկարանայ, դիտել տալով որ եկեղեցին ամէն ջանք կը թափէ ՝ օգնելու համար քրիստոնեաները, մնալու երկրին մէջ։

Գերապայծառ  Քամիլլօ Պալլին մտահոգութիւն յայտնած է , ըսելով որ ծոցի արաբական երկիրներու այլ պատժամիջոցներու հաստատումին պարագային երկրին վիճակը ողբերգական պիտի դառնայ եւ ամենէն շատ տուժողները  պիտի  ըլլան աղքատները։

Գերապայծառին տուեալներուն համաձայն, Քաթարի  մէջ կը բնակին շուրջ 300 հազար կաթողիկէներ, բաղկացած չորս համայնքներէ՝ Լատին, Մարոնի, Ասորի Մալապար եւ Ասորի Մալանքար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.