2017-07-04 14:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Անսա լրատու գործակալութեան նոր ծրագիրի իրականացման առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ, Ւտալական Անսա լրատու գործակալութեան, Infomigrants.net նոր համացանցային  ծրագրի իրականացման առիթով,  յղած է պատգամ եւ որուն մէջ յայտնած է թէ ՝՝Անթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու ներկայութիւնը, որոնք կ՝ապրին գաղթականութեան ողբերգութիւնը, մարդկային աճումի մեծ հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ  ինչպէս նաեւ  մշակոյթներու միջեւ՝ հանդիպումի եւ երկխօսութեան աճ, ի տես  խաղաղութեան զարգացման եւ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան։

Ֆրանչիսկոս  Պապ պատգամին  մէջ ապա նշած է, թէ ինք նեցուկ կը կանգնի  եւ կը քաջալերէ բոլոր այն հաստատութիւնները, որոնք բաց կը գտնուին գաղթականութեան երեւոյթին դիմաց, դիտել տալով, թէ  իւրաքանչիւր աջակցութեան միջամտութիւն, վկայութիւն  կը հանդիսանայ քրիստոնեաներու եւ մարդկութեան արժէքներուն,  որոնք հիմքը կը կազմեն եւրոպական քաղաքացիութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բարձր  գնահատելով վերոյիշեալ ծրագիրը, մաղթանք յայտնեց, որ անիկա նպաստէ  ներառումի գործընթացքին,  եւ գաղթականները իրենց  կարգին յարգեն զիրենք հիւրընկալող երկիրներու օրէնքները եւ ընկերութեան մէջ յարուցանէ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան  վաւերական մշակոյթի ի սպաս վերանորոգուած յանձնառութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ  պատգամը աւարտած է վստահացնելով իր աղօթքը բոլորին եւ հայցելով Աստուծմէ, որ պաշտպան կանգնի  եւ ընկերանայ , բոլոր անոնց, որոնք հակամարտութիւններու, ահաբեկչութեան արարքներու պատճառաւ, ստիպուած եղան  իրենց երկիրները լքելու՝ մաղթանք յայտնելով, որ  բոլոր գաղթականները, որեւէ երկնքի տակ կարենան եղբայրներու եւ քոյրերու հանդիպիլ ու անոնց հետ կիսեն հացը, ինչպէս նաեւ միասնական ուղեւորութեան յոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.