2017-07-04 08:30:00

Հաւատարմութեան ուղիէն


 « Քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղողը շատին մէջ ալ հաւատարիմ է . իսկ քիչին մէջ անիրաւը շատին մէջ ալ անիրաւ է » : ( Ղուկ 16.10 )

Ղուկասու Աւետարանին մէջ պատմուած այլ առակներու շարքին , Քրիստոս խօսեցաւ « Խորագէտ Տնտես » ին կամ « Անիրաւ Տնտես » ին առակը իր խօսքը յատկապէս ուղղելով աշակերտներուն : Մեր եկեղեցական հայերը Մեծ Պահքի չորրորդ կիրակին անուանած են այս առակով:

 Յիսուս կը պատմէ թէ հարուստ վաճառական մը իր գործերուն մատակարարութիւնը յանձնած էր ճարպիկ ու խորագէտ տնտեսի մը: Ժամանակ մը ետք այս պաշտօնեան անհաճոյ կը թուի իր տիրոջ աչքին , որովհետեւ իր մասին աննպաստ լուրեր տարածուած էին: Գործատէրը անոր հասցէին ուղղուած ամբաստանութիւններէն եւ զրպարտութիւններէն ձանձրացած , իր մօտ կը կանչէ ու խստօրէն կ'ըսէ . « Տնտեսութեանդ հաշիւները տուր, որովհետեւ այլեւս պիտի դադրիս պաշտօնէդ » : Տնտեսը շատ կը տխրի : կը մտածէ թէ պաշտօնազուրկ պիտի ըլլայ. Այդ վիճակէն ձերբազատուելու համար կը դիմէ խելացի միջոցի մը : իր տիրոջ պարտք ունեցող անձերը կանչելով անոնցմէ կը պահանջէ բոլոր հաշիւները : Ասոր վրայ , երբ վաճառականը կը տեսնէ թէ տնտեսը իր ապրուստին սիրոյն հնարամիտ ձեւով գործեց , կը գովէ անոր իմաստութիւնը:

Քրիստոս չարդարացուց տնտեսին արարքը , այլ գնահատեց միայն անոր ճարպիկութիւնը եւ հնարագիտութիւնը , դժուար կացութենէ դուրս գալու խելացութիւնը : Ահա այս առիթով էր որ Քրիստոս ըսաւ . « Ան որ հաւատարիմ կ'ըլլայ իրեն տրուած աննշան պարտականութեանց մէջ, բարձրագոյններուն մէջ եւս հաւատարիմ կ'ըլլայ , եւ ան որ փոքրին մէջ անիրաւ կ'ըլլայ բարձրագոյնին մէջ եւս անիրաւ կ'ըլլայ » :

Կեանքի մէջ միշտ կը գտնուինք պաշտօններու դիմաց, պատասխանատուութեանց առջեւ: Ընկերային պարտաւորութիւններ իւրաքանչիւր պարագայի կը մղեն կատարելու համապատասխան արարքներ : Բայց երբեմն խանգարումներ, խուսափումներ եւ երբեմն ալ շահադիտական եւ ինքնասիրական նկատումներ պատճառ կ'ըլլան գործերու կաղացման , դադարման կամ յետաձգման , ինչ որ ընկերային կեանքը իր բնական հոսանքէն կը հեռացնէ:

Այս օրերուն եւ ընդհանրապէս մարդկային ընկերութեան կեանքին ընթացքին մէջ փուշ հանդիսացող եւ շատ տարածուն եղող երեւոյթներէն մին է այս, երբ մարդիկ անձնական շահեր հետապնդելով իրենք զիրենք կը ձեւացնեն հաւատարիմ , խոնարհ եւ անհունօրէն ծառայասէր : Կեղծիքի եւ խաբէութեանց այս մթնոլորտին մէջ, շատ դժուար դարձած է մարդոց վրայ վստահութիւնը ունենալը : Արդ, մեր կարգին ՝ կեանքը խաղաղ , հանդարտ եւ աստուածային փրկարար ծրագրին  համաձայն ապրելու համար, ունինք առատ միջոցներ : Օրինակի համար , անկեղծ ըլլալը իր նմանին հանդէպ , որ կ'իրագործուի մարդուն առ Ասուած հաւատարմութեամբը , նոյնիսկ եթէ ընկերային շրջապատի մէջ պայմանները անթոյլատու ըլլան: կ'իրագործուի նաեւ համբերութեամբ եւ ներողամտութեամբ, իրարօգնութեամբ եւ սիրալիր փոխյարաբերութեամբ:

Հաւատարմութիւն է այն գլխաւոր միջոցներէն մին , որ կրնայ ապահովել ընկերային կեանքի աճումը եւ զարգացումը : Անձ մը երբ հաստատութեան մը մէջ կը գործէ,  պաշտօնեայ մըն է : Առաջին հերթին իրեն փոքրիկ պարտականութիւն մը կը վստահուի : Երբ ատոր մէջ հաւատարիմ ու պատասխանատու ըլլայ, շուտով  բարձրագոյններուն կը կոչուի : Վերաբերմունքի հարց է : Իսկ եթէ այդ պարտականութեան մէջ այլեւս հասունութիւն ունենայ , իրապէս որ կը դառնայ օրինակելի եւ գովասանքի արժանի, ինչ որ իր անձէն անդին՝ շրջապատին ալ հոգեկան ուրախութեան առիթ մը կը դառնայ :

Հետեւաբար , մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է իր կատարած ամենէն աննշան արարքին ու խօսքին: Մեզմէ իւրաքանչիւրին յաւիտեանս ըսուած են Քրիստոսի արդար ազդարարութիւնները, ըլլալու համար հաւատարիմ, որպէսզի կեանքի մէջ երջանիկ , աստուածահաճոյ եւ քրիստոնեայվայել կեանք մը ապրինք :  Այսօրուան աւետարանական դասը թող մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ըլլայ մղիչ , ու կամքերը լարող հանգրուան , ճանչնալու համար մեզի յանձնուած պարտականութիւնները եւ զանոնք կատարելու բծախնդիր կերպով եւ հաւատարմութեան սկզբունքներով : Ամէն .

 

 

 

 

 

 

 

 

 

    Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.