2017-07-04 09:19:00

Կղերականներու տագնապ Իրլանտայի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջին տաս տարիներու ընթացքին, Իրլանտայի մէջ ծանօթ են անձնասպանութեան ութ պարագաներ քահանաներու մօտ։ Այս եւ այլ տագնապալի դէպքեր պատճառ դարձած են, որ հոգեւորականներ ահազանգ հնչեցնեն։ Անձնասպանութիւններու պատճառը ըստ շատ մը կղերականներու, բարոյական եւ մտային առողջութեան անկումն է։

Ասոր համար կղերականներ կոչ ուղղած են, որ կազմուի օգնութեան ցանց մը։ Կաթողիկէ Կղերականներու Միութեան վերջին հանդիպումին ներկայացուած խնդրագրին մէջ կը կարդանք՝ «Մեր բարոյական ազդուած է, որովհետեւ ընկղմող նաւու մը վրայ կը գտնուինք։ Արդեօք ե՞րբ պիտի կատարուի 'հակա-նորոգողութիւնը'։ Կը նմանինք իրլանտական ազգային ոտնագնդակի խումբի մը՝ զուրկ դարպասապահէ։ Կարիքն ունինք օգնութեան ազգային ցանցի մը։»

Այսպիսի խնդրանք մը արդէն երեք անգամ ներկայացուած էր վերջին ամիսներուն յիշեալ Միութեան անդամներու կողմէ որուն թիւը մօտ հազար է։

Միութեան բանբերը, Հ. Ռոյ Տոնովան նկատած է, թէ կան նաեւ շատ մը տարիքաւոր կղերականներ, որոնք կը զգան նոյն կարիքը, սական կը տառապին լռութեամբ։

Կղերականութեան տագնապի պատճառները բազմազան են։ Իրլանտան, որ նկատուած էր զարգացող կաթողիկէ երկիր մը, կ'ապրի կոչումներու լուրջ տագնապ մը։ 2004ին երկիրը ունէր 3100 քահանայ, մինչ 2014ին, թիւը նուազած էր 2627ի, որոնց միայն 1900ը գործունեայ դիրքի վրայ են։

Կոչումներու նուազումը պատճառ կը դառնայ ժողովրդապետութիւններու կուտակումի, ուր մէկ ժողովրդապետ կը ծառայէ մէկէ աւելի ժողովրդապետութիւններու մէջ։ Այս հանգամանքը կը ծանրաբեռնէ քահանան։ Շատ մը քահանաներ ստիպուած կը զգան նոյնիսկ իրենց հանգստեան տարիքէն ալ անդին շարունակել իրենց ծառայութիւնը։ Պէտք է նաեւ նկատի ունենալ, որ անցեալին ժողովրդապետութիւնները ունէին իրենց տնային կարիքները հոգացողներ։ Այսօր ամէն ինչ քահանաները իրենք պէտք է հոգան։

Արդ, քահանաներ կը զգան մեկուսացած եւ ջղագրգիռ, եւ ասոր համար խոցելի են։

Իրլանտայի մէջ վերջին տարիներուն այլ ծանր պարագայ մըն էր մանկամոլութեան խնդիրը, ուր շատ մը քահանաներ ամբաստանուած էին։ Այս ալ ծանր կը կշռէ այն քահանաներուն վրայ, որոնք հաւատարմութեամբ կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը։

Հոգեւորականներու տագնապի պատճառներէն մին է նաեւ ժողովուրդի մօտ նուազող հաւատքը։ Շատ մը հաւատացեալներ միայն որոշ առիթներով եկեղեցի կը յաճախեն, երբեմն հոգեւոր հովիւը դնելով դժուարին պարագաներու առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.