2017-07-04 09:05:00

Արաբական չորս երկիրները 48 ժամով երկարաձգեցին Քաթարին ներկայացուած պայմանաժամը


«Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն եւ Եգիպտոս 48 ժամով երկարաձգած են Քաթարին ներկայացուած պայմանաժամը:

Քուէյթ երկուշաբթի օր նշեալ երկիրներուն կոչ ուղղած էր Տոհային յաւելեալ ժամանակ տալու` ներկայացուած 13 կէտերէ բաղկացած պահանջներուն պատասխան տալու համար:

Արաբական չորս երկիրներուն կողմէ Քաթարին տրուած 10 օրուան պայմանաժամը աւարտած էր կիրակի երեկոյեան:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ չորս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները չորեքշաբթի օր Գահիրէի մէջ պիտի գումարեն ժողով մը` քննարկելու համար քաթարեան ճգնաժամը:

Քաթարի իշխանութիւնները մերժած են երկրին հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու համար արաբական երկիրներու առաջադրած պահանջները, սակայն պատրաստակամութիւն յայտնած են երկխօսութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.