2017-07-03 15:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը ՖԱՕ-ի 40-րդ բանախօսութեան մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 3 յուլիս 2017-ին, Հռոմի ՖԱՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի  ունեցաւ կազմակերպութեան  կողմէ նախաձեռնուած, 40-րդ միջազգային դասախօսութիւն, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, որ իր կարգին ընթերցեց  այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յղած պատգամը։

Վատիկանի դիւանագէտը ապա պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ յառաջիկայ 16 հոկտեմբեր ամսոյն, սննդարարութեան համաշխարհային օրուան առիթով,  որ ունի որպէս խորագիր ՝՝փոխել գաղթականութեան ապագան՝՝, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդառաջելով  ՖԱՕ-ի ընդհանուր տնօրէն,  Փրոֆ Կրացիանօ Տէ Սիլվային հրաւէրին,  պիտի այցելէ Հռոմի  ՖԱՕ-ի  կեդրոնը։

ՖԱՕ-ի 40րդ դասախօսութեան առթիւ  յղած պատգամին  մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունած եւ աջակցութիւն ցուցաբերած է ՖԱՕ-ի  համայն անդամներուն գնահատելով անոնց կատարած անխոնջ աշխատանքները։  Ապա յայտնած է թէ  Սուրբ Աթոռը մօտէն կը հետեւի  միջազգային կազմակերպութեան ոչ առողջ սննդարարութեան եւ անօթութեան վերացման ծրագիրներուն, ընդգծելով որ ամենօրեայ հացը, առանց խտրութեան համայն աշխարհի մարդոց իրաւունքն է ։  

Ան շեշտեց թէ իւրաքանչիւր անհատի աղքատութենէ եւ անօթութենէն ձերբազատուելու  իրաւունքը , կախեալ է համայն մարդկային ընտանիքի պարտականութենէ՝  շօշափելի եւ առարկայական ձեւով, դէմ յանդիման գալով կարիք ունեցող մարդոց։   

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ ՖԱՕ-ը  եւ միջ-պետական հաստատութիւնները պէտք է  վիճակի ըլլան  պատշաճ աջակցութիւն ցուցաբերելու բոլոր աղքատ երկիրներուն,  որոնք կը տառապին կլիմայի  փոփոխութեան երեւոյթներէն եւ այլ զանազան պատճառներէն,  ընդգծելով,  որ Արարչին մեզի յանձնած բարիքները բոլորին պատկանող բարիքներ են։.

Ան ապա անդրադառնալով ժամանակից աշխարհի կացութեան, որ պատկերացուած չէ ՝՝ոչ մխիթարիչ լուսանկարներով՝՝ ըսաւ Ան,  շեշտեց թէ  չէ կարելի մտահոգ եւ յուսահատ վիճակի մէջ մնալ,  այլ պէտք է գիտակցութիւնը ունենալ

որ անօթութիւնը եւ վատ սննդարարութիւնը լոկ բնութեան հետեւանքներ չեն , դիտել տալով որ   պատերազմները, ահաբեկչութիւնը, բռնի ուժով անձերուն տեղահանութիւնը,   պատահական եւ ճակատագրական  երեւոյթներ չեն ՝ այլ հետեւանք՝  հաստատ  որոշումներուն, որուն  ամենէ շատ թիրախ կը դառնան խոցելի դասակարգը, որոնք ստիպուած կը լքեն իրենց հողերը այլ երկրի մէջ ապաստան ու կեանքի յոյս գտնելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ՖԱՕ-ի անդամ պետութիւնները Ւր նպաստը բերելով ՖԱՕ-ի  այն յայտագիրին, որ սերմեր  կը բաշխեն  հողամշակութեամբ զբաղող ընտանիքներուն ,որոնք կ՝ապրին  եւ կը գործեն չոր  եւ ջուրէ զուրկ տարածքներու մէջ։  

Ւ վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք յայտնեց որ ՖԱՕի- դասախօսութեան նիստերը, նոր սլացք տան կազմակերպութեան գործունէութիւններուն, միջոցներ շնորհելու համար  միլիոնաւոր մեր եղբայրներուն, որոնք ՖԱՕ-ի գործունէութեան մէջ կը տեսնեն ոչ միայն թեքնիքական մակարդակի աճում այլ շօշափելի եղբայրութեան նշան, որ թոյլ կու տայ անոնց  յոյս ունենալու ապագային նկատմամբ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.