2017-07-03 11:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապ մօտէն կը հետեւի փոքրիկ Շարլիին իրավիճակին


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր  տնօրէն՝ Տիար Կրեք Պուրք, կիրակի 2 յուլիսին,  հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը հայող Անգլիոյ հիւանդանոցի  մը մէջ  գտնուող  ծանր հիւանդ վիճակի մատնուող Շարլի անուան մանուկին։

Ան հաղորդագրութեան մէջ նշեց թէ,  Ֆրանչիսկոս Պապ  խոր յուզումով մօտէն կը հետեւի Փոքրիկ Շարլիի  իրավիճակին  եւ նեցուկ կը կանգնի մանուկին ծնողքին, աղօթելով եւ  մաղթելով որ   անոնց   մէջ չփարատի  իրենց զաւկին,  մինչեւ վերջ  ընկերանալու եւ խնամելու փափաքը ։ Գրած է Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.