2017-07-03 09:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝Յիսուսի հետ յարաբերութիւնը անհրաժեշտութիւն է՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 2 յուլիս 2017-ին,  Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին կատարած խորհրդածութեան մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը շեշտեց, թէ քրիստոնեան պէտք է սերտ եւ մտերիմ յարաբերութիւն ունենայ Քրիստոսի հետ եւ ոչ մի բան նախադաս չնակատէ։ Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար Քրիստոս սիրելը առաջնահերթութիւն է։ Սրբազան Հայրը յորդորեց որ հօր մը գութը, մօր մը քնքշութիւնը եւ ոչ ալ եղբայրներու ու քոյրերու մտերմութիւնը կամ բարեկամութիւններ, որոնք լաւ բաներ են մարդուն համար, չդնենք Քրիստոսէ առաջ։ Տէրը կ'ուզէ մեր սիրտը ամբողջութեամբ եւ ոչ բաժանեալ կամ կիսատ։

Հետեւաբար բոլոր հաւատացեալները, ըլլան անոնք աշխարհականներ կամ կղերականներ, պէտք է հարց տան, թէ որքանով մօտ են կամ մտերիմ Քրիստոսի, թէ կ'աղօթեն Քրիստոսի։ Այն անձը որ ինքզինք Քրիստոսի աշակերտ կը նկատէ, պէտք է իսկական սէր ունենայ Քրիստոսի հանդէպ եւ ոչ կիսատ, ոչ թէ սէրը մը որ կը բաժնուի ուրիշի հետ։ Քրիստոնեան պէտք չէ սրտի երկուութիւն ունենայ, որովհետեւ սրտի երկուութիւնը վտանգաւոր է. Երկուութիւնը վայել չէ քրիստոնեայ հաւատացեալին։ Ասոր համար է որ Քրիստոս կ'աղօթէ Հօր, որ Իր աշակերտները չսայթաքին աշխարհիկ հոգիի մէջ։ Աշխարհիկ հոգին հակառակ է Քրիստոսի Հոգիին։ Անհատ մը կամ Քրիստոսի հետ է եւ կամ աշխարհի հոգիէն տարուած. չէ կարելի այս երկուքը հաշտեցնել իրար հետ։

Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով քահանաներուն ուղղելով խօսքը, նկատեց, թէ անոնք յատուկ հաւատարմութիւն պէտք է ունենան Քրիստոս, պէտք է անոնց կապը Քրիստոսի հետ ըլլան սերտ եւ նուիրումը՝ ամբողջական։ Եթէ քահանայ մը ունի այդ հոգին, այն ժամանակ ժողովուրդը այդ քահանային մէջ պիտի նկատէ Քրիստոսը։ Հետեւաբար պէտք է ամէն օր դարձ կատարել դէպի Քրիստոս եւ նորոգուիլ։ Բոլոր հաւատացեալները կոչուած են Քրիստոս սիրելու ամէն բանէ վեր, առաւել եւս քահանաները։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր քարոզի աւարտին յորդորեց որ հետեւինք Աստուածածնի օրինակին, որ առաջին անձն է որ Յիսուս սիրեց անձնուրաց կերպով։








All the contents on this site are copyrighted ©.