2017-07-03 10:34:00

Ւրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Սուրբ Պետրոս Պօղոս անուան եկեղեցւոյ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ւրաքի Ւրպիլ քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Սուրբ Պետրոս Պօղոս անուան եկեղեցւոյ՝ անցեալ հինգշաբթի, 29 յունիս՝ 2017-ին, Սուրբ Պետրոս Պօղոս առաքեալներուն տօնին օրը։ Եկեղեցւոյ բացման արարողութեան նախագահեց Քաղդէացիներուն Լուիս Ռաֆայել Սաքօն, ի ներկայութեամբ քաղաքական, եկեղեցական բարձր աստիճան անձնաւորութիւններու,  որոնց շարքին նշենք Էրպիլի թեմի արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Պաշար Վարտան, Ւրաքի եւ Յորդանանի մէջ Պապական նուիրակ՝ գերապայծառ Ալպերթօ Օրթեկա Մարթինը։

Ան այս առթիւ կատարած քարոզին մէջ Քաղդէացիներու Պատրիարքը յորդորեց հաւատացեալները չլքելու Ւրաք երկիրը եւ պաշտպանելու իրենց քաղդէացի  ինքնութիւնը՝ հակառակ որ երկիրը  տակաւին կ՝ապրի դժնակ պայմաններու  մէջ ։

Քարոզի աւարտին քաղդէացիներուն Սաքօ պատրիարքը՝ շնորհակալութիւն յայտնեց արարողութեան ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն, յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց Քուրտիստանի կառավարութեան  Քրիստոնեաներու գործերուն հայող գրասենեակին, որ նպաստած է կառուցելու 1000 աթոռներ պարփակող  դահլիճի մը կառուցման ծրագիրին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.