2017-07-03 09:39:00

Գերմանիոյ Եպիսկոպոսները կը քննադատեն խորհրդարանի որոշումը


(Ռատիօ Վատիկան) Գերմանիոյ խորհրդարանը ուրբաթ օր ընդունեցաւ միեւնոյն սեռի պատկանող անձերու ամուսնութիւնը օրինականացնել։

Այս առիթով Պերլինի Արքեպիսկոպոս Հայներ Քոխ ցաւ յայտնած է, թէ այդ որոշումով անտեսուած են ամուսնութեան հիմնական նկարագրական կէտերը։ Այն յայտնած է թէ «Գերմանիոյ սահմանադրութեան Հայրերը ամուսնութեան տուած էին վեհ դիրք, որովհետեւ անոնք կ'ուզէին պաշտպանել եւ զօրացնել այն անձերը, որոնք իբր մայր կամ հայր, իրենց զաւակներուն կ'ուզեն տալ իրենց կեանքը։ Կը ցաւիմ այն պարագային համար, որ օրէնսդրութիւնը հրաժարած է ամուսնութեան հայեցակէտի էական կէտերէն, զայն յարմարեցնելու նոյն սեռի անձերու միջեւ եղած յարաբերութեան։»

Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամները օրինականացուցած են նոյն սեռի ամուսնութիւնը, օրէնսդրութեան մէջ փոխելով «ամուսնութեան» սահմանումը։

Արքեպիսկոպոս Քոխ, որ նաեւ Գերմանիոյ եպիսկոպոսական ժողովի ամուսնութեան եւ ընտանիքի խորհուրդի նախագահն է, ցաւ կը յայտնէ, որ տարբերութիւն չի դրուիր ամուսնութեան եւ միասեռական յարաբերութեան միջեւ։ Ան ըսած է, թէ տարբերել այս երկուքը չի նշանակեր խտրականութիւն կատարել։

Յստակ է, թէ խորհրդարանի այդ որոշումը ազդեցութիւն պիտի չունենայ Եկեղեցւոյ որդեգրած սկզբունքային դիրքին վրայ։

Օրէնքի նախագիծը քուէարկութեան ներկայացուած էր ընկերային ժողովրդական, կանաչներու եւ ձախակողմեան կուսակցութիւններուն կողմէ։ Քուէարկութեան արդիւնքն եղած է 393 ձայն ի նպաստ օրէնքի ընդունման 226 հակառակ ձայն եւ 4 ձեռնպահ։ Վարչապետուհի Անկելա Մերքել հակառակ քուէարկած է, սակայն իր կուսակցութեան անդամներուն ազատութիւն տուած է քուէարկելու ըստ իրենց խղճին։ Ի նպաստ քուէարկողներէն ոմանք Գերմանիոյ Կաթողիկէներու կենդրոնական կոմիտէի անդամ են։ Հակառակ քուէարկած են Պաւարիայի Քրիստոնեայ Ընկերային Միութիւնը եւ Քրիստոնեայ Ժողովրդավարական անդամներէն ոմանք։

Քուէարկութենէն առաջ Գերմանիոյ Եպիկոպոսական Ժողովի նախագահ Կարդինալ Ռայնհարտ Մարքս քննադատած է ներկայացուած նախագիծը։ Գերմանիոյ եպիսկոպոսական ժողովը յայտարարութեան մը մէջ կը շեշտէ, թէ ամուսնութիւնը, ոչ միայն քրիստոնէական կրօնքի տեսակէտէն, սկզբունքօրէն ցկեանս կապն է կնոջ եւ այր մարդու միջեւ։ Եպիսկոպոսական ժողովը այն կարծիքին է, թէ պետութիւնը պէտք է շարունակէ պաշտպանել եւ խթանել ամուսնութիւնը։

Քուէարկութիւնը պէտք է տակաւին վաւերացուի Վերին Պալատի կողմէ եւ ստորագրուի Նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի կողմէ։

Որոշումը օրէնքի կարգ անցնելու պարագային Գերմանիան պիտի միանայ այլ քսան երկիրներու շարքին, որոնք վերջին տասնըվեց տարիներուն ընթացքին օրինականացուցած են միասեռական ամուսնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.