
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ ՀՀ դեսպան Արտաշէս Թումանեանը եւ դեսպանութեան անձնակազմը Թեհրանի «Ուահտաթ» սրահին մէջ, Յուլիս 1-ին, մասնակցեցան իրանահայ խմբավար, երաժշտահան Սերժիկ Միրզայեանի ղեկավարած նուագախումբի եւ երգչախումբի համերգին:
Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Համերգին ընթացքին հնչեցին Ս. Միրզայեանի կողմէ հեղինակած հայկական ազգային թեմաներով երաժշտութիւն, ինչպէս նաեւ հայերէն կատարումով Հայաստանի եւ Արցախի նուիրուած երգեր, որոնց խօսքերուն հեղինակը իրանահայ բանաստեղծուհի Ծաղկանոյշ Ծատրեանն էր
| All the contents on this site are copyrighted ©. |