2017-07-01 12:18:00

Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է մզկիթի մօտ վրայերթի փորձ կատարած անձը


Ֆրանսական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է այն տղամարդը, որ ինքնաշարժով փորձած է վրայերթի ենթարկել Փարիզի արուարձաններէն մէկու մզկիթին մօտ հաւաքուած խումբ մը մարդիկ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով ֆրանսական ոստիկանութեան, կը հաղորդէ, որ միջադէպին պատճառով ոչ ոք վիրաւորուած է:

Միջադէպը տեղի ունեցած է Քրեթէյ քաղաքին մէջ: Իրաւապահ մարմիններու տուեալներով` կատարուածին շարժառիթները տակաւին կը մնան անյայտ:








All the contents on this site are copyrighted ©.