2017-07-01 11:21:00

Փոքրիկ Շարլիին ողբերգական վիճակը կը շարունակէ յուզել համայն աշխարհը։ Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Տասը ամսուայ Շարլի անուան փոքրիկ մանուկ մը՝ վարակուած հազուագիւտ հիւանդութենէ մը, կարճ ժամանակէ ի վեր կը գտնուի Լոնտոնի հիւանդանոցներու մէկուն մէջ։ Անոր հիւանդութիւնը անդարմանելի նկատուած է Անգլիացի բժիշկներու կողմէ։ 
Ուրբաթ, 30 յունիսին, փոքրիկ Շարլիին բժիշկները, որոշած են  երկարաձգել մանուկը կենդանի պահող արուեստական գործիքներուն օգտագործումը։

Համայն աշխարհին մէջ միլիոններով մարդիկ կ՝աղօթեն,  որպէսզի Շարլին  շարունակէ ապրիլ եւ անոր տրուի վերջին յոյս մը։  Միջազգային նիւթական օժանդակութիւններու շնորհիւ, հանգանակուած է աւելիք քան մէկ ու կէս միլիոն եւրօ ,  որպէսզի Շարլին կարենայ Ամերիկա փոխադրուիլ եւ հոն ենթարկուի այլ փորձառական բուժումներու։ Սակայն Անգլիացի բժիշկներուն համար դեղի մատակարարումի շարունակութիւնը անօգուտ կը համարուի՝  նկատելով զայն լոկ տառապանքի երկարաձգում։ 

Արդարեւ՝ Ֆրանչիսկոս Պապ, ուրբաթ 30 յունիսին՝  երեկոյեան, անակնկալ թուիթ մը հրապարակեց, որուն մէջ գրեց  հետեւեալը ՝՝ Պաշտպանել մարդկային կեանքը, յատկապէս երբ խոցուած է հիւանդութենէ։ Սիրոյ յանձնառութիւնն է, որ Աստուած յանձնած է իւրաքանչիւր մարդ արարածի ՝՝։  գրած Է Սրբազան Հայրը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.