2017-07-01 12:08:00

Պուխարեսթի մէջ Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու ընդհանուր քարտուղարներու 45-րդ հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) 30-յունիսէն  3 յուլիս 2017-ին, նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասին, Ռումանիոյ Պուխարէսթ քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու ընդհանուր քարտուղարներու 45-րդ հաւաք-հանդիպումը, ունենալով որպէս նիւթ՝՝ եկեղեցւոյ դերը բազմազան Եւրոպայի մէջ՝՝  ։

Յիշեալ հանդիպումին, պիտի քննարկուին ժամանակակից աշխարհը յուզող հարցեր, յատուկէն կեդրոնանալով ընտանիքի հովուական ծառայութեան  եւ գաղթականներուն հարցերուն վրայ։

Ժողովականները պիտի քննարկեն, 2018-ին գումարուելիք, երիտասարդներու մասին եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքները, եկեղեցւոյ մէջ մանուկներու պաշտպանութեան հարցը, մահմետականներու հետ երկխօսութեան նիւթը, ինչպէս նաեւ համամիութենական երկխօսութեան հայող հարցերը։  

Հաւաքի երկրորդ օրը՝ Շաբաթ 1 յուլիսին, երեկոյեան, եպիսկոպոսազ համահաւաք դասերու քարտուղարները, երիտասարդներու հետ միասին  կը մասնակցին Պուխարեսթի Սանթա Մարիա ժողովրդապետութեան մէջ կայանալիք աղօթքի հսկումին։  Ւսկ կիրակի 2 յուլիսին,Պուխարեսթի մայր տաճարին մէջ տեղի կ՝ունենայ  Պատարագի արարողութիւն։

Եւրոպայի համահաւաք դասերու քարտուղարներուն 45-րդ հանդիպումի աշխատանքները վերջ պիտի գտնեն՝ երկուշաբթի,3 յուլիսին, դռնփակ ժողովով,  որուն աւարտին պիտի հրատարակուի  հաղորդագրութիւն մը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.