(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 1 յուլիս 2017-ին, Խրուաթիոյ Ռիժեքա քաղաքին մէջ մեծ շուքով կը նշուի, Սուրբ Կոյս Մարիամի Սրբապատկերին, Թրսաթ սրբավայր հասնելուն 650-րդ ամեակը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Զակապրիա թեմի Արքեպիսկոպոս՝ Կարիդնալ Ժոզիփ Պոզանիչը անուանած է որպէս իրեն յատուկ նուիրակ, գլխաւորելու համար վերոնշեալ յոբելեանի տօնակատարութիւնները։
Նշենք, թէ վերոնշեալ Տիրամօր սրբապատկերը, նուէրն է Ուրպանոս Ե Պապին նուիրուած՝ 1367-ին, Ւտալիոյ Լորեթօ Տիրամօր Սրբավայր ուխտագնացութիւն կատարած Խրուաթցի ուխտաւորներուն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |