2017-07-01 15:03:00

Արաբերէն լեզուով ՝՝Արեւելեան եկեղեցիներու նահատակները՝՝ խորագիրով հատոր


Արաբերէն լեզուով, աւելի քան հազար էջերու վրայ տարածուած հատոր մը լոյս տեսաւ վերջերս, որ կը կրէ «Արեւելեան Եկեղեցիներու Նահատակները» խորագիրը: Հատորը լոյս տեսաւ Լիբանանի Ամերիկեան Գիտական եւ Արհեստագիտական Համալսարանի (AUST) կողմէ: Գիրքին նախաձեռնութիւնն ու պատրաստութիւնը ստանձնած է Մարունիթ եկեղեցւոյ Դպրեվանքի Սանուց Միութիւնը: Յայտնենք, թէ յիշեալ հատորին մէջ ներառուած են նաեւ Մերձաւոր Արեւելեան Երկիրներու մէջ նահատակուած Հայ Սուրբերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.