2017-06-29 12:10:00

Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներու տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապի Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 29 Յունիս 2017-ին Սուրբ Պետրոսի հրատարակին վրայ, Պօղոս եւ Պետրոս առաքելապետերու տօնին առթիւ գլխաւորած սուրբ պատարագէն ետք, Սրբազան Քահանայապետը. կէսօրին,  իր գրասենեակի պատուհանէն, արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը եւ այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ անդրադարձ կատարեց երկու առաքելապետերու մասին որոնք, ըսաւ Ան, Եկեղեցւոյ Հայրերու կողմէ որակուած են երկու սիւներու­, որոնց վրայ կը հիմնուի տեսանելի Եկեղեցւոյ կառուցումը։

Երկուքն ալ արիւնով դրոշմեցին Քրիստոսի իրենց տուած վկայութիւնը, յարեց Սրբազան Քահանայապետը, մատնանշելով Սուր Գիրքին մէջ նշուած երկու Սուրբ Առաքեալներու կեանքին ու գործունէութեան։

Երկու առաքեալներն ալ իրենց անձնական ու եկեղեցական կեանքով մեզի կը բացայայտեն թէ Տէրը միշտ մեզի մօտ է, մեր հետ կը քալէ ու մեզ երբեք մնակ չի թողուր, յատկապէս դժուարութեան պահերուն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ընդգծելով թէ մեր ամենամեծ թշնամին մեղքն է, եւ զգուշացուց ''Չարին'' թակարդներէն, ապա հաստատեց թէ ''Երբ կը հաշտուինք Աստուծոյ հետ, խոստովանանքի խորհուրդին միջոցաւ, ընդունելով ներումի շնորհքը, մենք կ՛ազատինք չարի կապէն ու կարող ենք շարունակել մեր ուղեւորութիւնը` որպէս Աւետարանի վկաներ, ցոյց տալով որ մենք եղանք առաջինները որ ընդունեցանք ողորմութիւնը։

Քահանայապետը խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով աղօթք բարձրացնել Սուրբ Կոյս մարիամին` Առաքեալներու թագուհիին, ինչպէս նաեւ Հռոմի պաշտպան սուրբ` Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերուն, որպէսզի մեզի համար ընդունին հոգեւոր եւ նիւթական բարեկեցութիւն։

Մարեմեան աղօթքէն ետք  Նորին Սրբութիւնը ողջունեց սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, մատնանշելով առաւօտուն Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարուած սուրբ պատարագին, երէկ անուանուած նոր հինգ կարդինալներու հետ միասին, ինչպէս նաեւ նոր Արքեպիսկոպոսներուն Պալիումի շնորհումի արարողութեան ապա կարդինալներն ու եպիսկոպոսները քաջալերեց` ուրախութեամբ յարատեւել աւետարանի ծառայութեան իրենց առաքելութեան մէջ, համայն եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեամբ, ապա  նշեց  թէ արարողութեան մասնակցած էին նաեւ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ ի վերջոյ յատուկ ողջոյնի խօսք ուզեց ուղղել Հռոմի հաւատացեալներուն, որոնք կը նշեն իրենց պաշտպան Սուրբերու Տօնը, որուն առթիւ այս երեկոյ տեղի պիտի ունենայ  հրավառութեան ներկայացում, հուսկ բոլորին մաղթեց բարի տօն ու խնդրեց­ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.