2017-06-29 09:00:00

Պերլինի մէջ երկօրեայ համաշխարհային վեհաժողով գաղթականութեան եւ զարգացումի մասին


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 28 յունիս 2017ին, Պերլինի մէջ սկիզբ  առաւ գաղթականութեան մասին երկօրեայ համաշխարհային վեհաժողով,  ունենալով որպէս նիւթ՝՝ դէպի համա-ընկերային պայմանագիր հայող  գաղթականութեան ու զարգացումին՝՝։

Վեհաժողովին նպատակն է ամրապնդել  միջազգային երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը։

Սուրբ Աթոռի կողմէ վեհաժողովին ներկայ գտնուեցաւ Վատիկանի  մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան ժողովի,  գաղթականներու եւ փախստականներու բաժանմունքի ենթաքարտուղար՝ հայր  Միքայել Չերնի։ Ան իր ունեցած ելոյթին մէջ վերյիշեց Ֆրանչիսկոս Պապի գաղթականութեան հարցին մասին յաճախ արտայայտած խօսքերը, յատկապէս ընդգծելով ''հիւրընկալել, պաշտպանել, զարգացնել եւ ներառել'' բառերը։

Հայր Չերնի ապա  անհրաժեշտ նկատեց, ընկերակցիլ ստիպողական փախուստ տուող մարդոց, անոնց ուղեւորութեան չորս հանգրուաններու ընթացքին. ''գաղթականներուն հօրենական երկիրներուն մէջ, ուղեւորութեան  ընթացքին  անցք կատարած երկիրներուն  մէջ    ապա ապաստանած երկիրներուն  մէջ,   ի հարկին  ընկերակցիլ նաեւ  անոնց  հայրենիք  վերադարձի  ուղեւորութեան ժամանակ։

Հայր Չերնի մէջբերեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապին գաղթականներու ու փախստականներու իրաւունքներու մասին արտասանած խօսքեր ու յատկապէս անդրադարձաւ Անոր  ուղղած կոչին գաղթականութեան երերւոյթին միասնական լուծում որոնելու ապա ակնարկեց Քահանայապետի Ողորմութեան տարուայ առթիւ հրապարակած յորդորագիրին,  որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը խօսի ''ողորմութեան մշակոյթի''  մասին։ Մշակոյթ մը  հիմնուած ուրիշներու հետ հանդիպման վրայ, մշակոյթ մը որով ոչ մէկը միւսին կը նայի անտարբերութեան աչքերով եւ ոչ ալ  հայեացքը կը դարձնէ այլուր երբ կը տեսնէ եղբօր տառապանքը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.