2017-06-29 12:00:00

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Արցախեան պատերազմի հետեւանքով 800- անհետ կորածներու յիշատակում։


Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Յունիս 29-ին կը յիշեն Արցախեան պատերազմին հետեւանքով անհետ կորած ազատամարտիկները:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Արցախի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովի նախագահ Վիքթոր Քոչարեանը ըսած է, որ Արցախեան ազատամարտի տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն անյայտ կորած կը համարուի աւելի քան 600 մարդ, սակայն անոնք դեռ վերջնական թիւերը չեն:

«Մենք աշխատանքներ կը տանինք ճշդելու նաեւ շահումեանցիներուն թիւը, քանի որ անոնք յատկապէս տեղափոխուած են Ռուսիոյ Դաշնութիւն»,- ըսած է ան: Վիքթոր Քոչարեանի խօսքով` անյայտ կորածները գտնելու եւ անոնց հայրենադարձելուն ուղղուած աշխատանքները ոչ մէկ արդիւնք կու տան: «Ատրպէյճանը, ինչպէս միշտ, մեզի հետ ուղիղ կապ չի հաստատեր, եւ աշխատանքները այդ ուղղութեամբ բաւական բարդ են: Ինչ հնարաւոր է, կը կատարուի Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի օգնութեամբ»,- ըսած է ան: Արցախի մէջ անյայտ կորած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն կը ցուցաբերուի նիւթական, բարոյական, հոգեբանական օգնութիւն:

Հայաստանի մէջ Գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովին առընթեր աշխատանքային խումբի ղեկավար Արմէն Գաբրիէլեանը նշած է, որ Արցախեան պատերազմին հետեւանքով Հայաստանի  մէջ անյայտ կորած կը համարուի 200-էն աւելի մարդ:

«Ղարաբաղեան հակամարտութեան հետեւանքով անյայտ կորածները գտնելու եւ հայրենադարձելու ուղղութեամբ զանազան միջազգային հարթակներու մէջ որոշակի յաջողութիւններ արձանագրուած են: «Սակայն տուեալ գործընթացին մէջ պէտք է ներգրաւուած ըլլայ ատրպէյճանական կողմը: Մենք բոլոր հնարաւոր միջազգային հարթակները կ՝օգտագործենք յաջողութեան հասնելու համար»,- ըսած է ան: Գաբրիէլեանը նշած է, որ անյայտ կորած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն կը ցուցաբերուի օգնութիւն` սկսեալ անվճար բուժօգնութենէն, հասարակական տարբեր փաթեթներու, արտօնութիւններու տրամադրումէն, մինչեւ նիւթական միջոցներու տրամադրում:

Անյայտ կորած ազատամարտիկի յիշատակի օրը` Յունիս 29-ին, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ շարք մը ձեռնարկներ պիտի իրականացուին: Արցախի մէջ Անյայտ կորած ազատամարտիկներու յիշատակին կանգնեցուած խաչքարին մօտ Նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ պետական այրերը, զինուորականները ծաղկեպսակներ պիտի տեղադրեն: Հայաստանի մէջ ՀՀ ՊՆ եւ ԳՇ ղեկավար կազմը, ՀՀ ՊՆ առընթեր հասարակական խորհուրդը, Գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով զբաղող կառավարական յանձնաժողովի անդաﬓերը, Արցախեան պատերազﬕ վեթերաններն ու ՀԿ-ներու ներկայացուցիչները պիտի այցելեն «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր հոգեհանգիստի կարգ պիտի իրականացուի: Հայաստանի մէջ Յունիս 29-ի օրուան նուիրուած ձեռնարկները պիտի շարունակուին մինչեւ Յուլիս 7, քանի որ կը ծրագրուին այցելութիւններ նաեւ մարզեր:

Արցախեան պատերազմին հետեւանքով անհետ կորած ազատամարտիկներուն օրը կը նշուի 2000 թուականէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.