2017-06-29 09:35:00

ԵԽ կուսակցութիւնները Թուրքիոյ կոչ ըրած են յարգելու մամուլի ազատութիւնը։


Եւրոխորհրդարանը ներկայացնող հինգ կուսակցութեան խմբակցութիւններու ղեկավարները համատեղ նամակ մը յղած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին` կոչ ընելով երկրին մէջ ապահովելու մամուլի ազատութիւնը:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը յայտնէ գերմանական Deutsche Welle­-ը:

Նամակին մէջ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ընդգծած են լրագրողներու` ազատօրէն եւ առանց վախի լուրեր գրել կարողանալու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք նաեւ յիշեցուցած են, որ Թուրքիան, որ վաւերացուցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը, պարտաւոր է երաշխաւորելու մտքի եւ մամուլի ազատութիւնը:

ԵԽ-ն ներկայացնող կուսակցութիւնները յորդորած են ազատ արձակել Սթամպուլի մէջ կալանքի տակ գտնուող գերմանական Die Welt պարբերականի Թուրքիոյ լրագրող Տենիզ Իվճելը` նշելով, որ «լրագրողը իր գործը ընելու համար ահաբեկչութեան մէջ անտեղի մեղադրուելով չի կրնար բանտարկուիլ»:

Նամակը ստորագրած են Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւնը, Եւրոպայի սոցիալիստներու կուսակցութիւնը, Եւրոպայի պահպանողականներու եւ կառուցողներու դաշինքը, Լիպերալ եւ ժողովրդավարական դաշինքը, Կանաչները:








All the contents on this site are copyrighted ©.