2017-06-28 16:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը կարդինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 28 Յունիսի ժամը 16-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Կարդինալական Հրապարակային հաւաք, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հինգ նոր կարդինալներուն  շնորհեց  կարդինալական տիտղոսը։

Հինգ նոր կարդինալներն են. Գերապայծառ Jean Zerbo, Մալիէն` Պամաքոյի-ի Արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Juan José Omella, Սպանիայէն`Պարսելոնայի-ի Արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Anders Arborelius, Շուէտէն`  Սթոքհոլմի Եպիսկոպոս, Գերապայծառ  Louis-Marie Ling Mangkhanekhoun, Լաոսի մէջ առաքելական փոխանորդ, Գերապայծառ  Gregorio Rosa Chávez, Էլ Սալվատորէն, Սան Սալվատորի թեմին օգնական եպիսկոպոս։

Վերոնշեալ արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ներշնչուելով Մարկոս աւետարանիչէն քաղուած ''Եւ Յիսուս կը քալէր անոնց առջեւէն'' խօսքէն, հաստատեց թէ Յիսուս լաւապէս գիտեր թէ ի՞նչ կը սպասեր զինք Երուսաղէմի մէջ ու թէ այդ մէկը յայտնած էր նաեւ իր աշակերտներուն։ Սակայն իր ու անոր աշակերտներու սրտերուն մէջ կայ վիհ մը որ միայն Սուրբ Հոգին կարող է լիացնել։

Յիսուս արդարեւ գիտէ, համբերատար է, անոնց հետ կը խօսի անկեղծութեամբ ու ամէնէն առաջ ան կը քալէ անոնց առջեւէն - ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ ինչպէս այդ ուղեւորութեան ընթացքին աշակերտները ձրուած են ու հետաքրքրուած այնպիսի շահերով որոնք չեն համապատասխաներ Հօր կամքի շահերուն։

Անոնք իրականութիւնը չեն տեսներ, որովհետեւ իրականութիւնը տարբեր է`  Յիսուսի իրականութիւնն է։ Իրականութիւնը խաչն է ու աշխարհի մեղքը` որուն համար Յիսուս աշխարհ եկաւ։ Իրականութիւնը անմեղներն են որոնք կը տառապին ու կը մեռնին պատերազմներու ու ահաբեկչութեան հետեւանքով, իրականութիւնները այն ստրկութիւններ են որոնք չեն դադարիր ժխտելէ արժանապատուութիւնը։ Իրականութիւնը այդ գաղթականներու ճամբարներ են որոնք յաճախ կը նմանին դժոխքի քան թէ քաւարանի։ Իրականութիւնը այդ հետեւողական բացառութիւնն է` բոլոր այն բաներուն որոնք այլեւս չեն ծառայեր` ներառեալ անհատները։

Եւ Յիսուս այս բոլորը կը տեսնէ մինչ կ՛ընթանայ դէպի Երուսաղէմ այն գիտակցութեամբ թէ ժամանակը հասած է արմատախիլ ընելու չարը ու ասոր համար կ՛ընթանայ դէպի Խաչը։

Մենք ալ սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր Յիսուսի հետ ուղեւորութեան մէջ ենք, յատկապէս դուք սիրելի նոր Կարդինալներ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը քարոզի աւարտին խօսքը ուղղելով նոր անուանուած ծիրանաւորներուն ու հաստատելով թէ ''Յիսուս կը քալէ ձեր առջեւէն ու ձեզմէ կը խնդրէ որ իրեն հետեւիք։ Ձեզ կը կոչէ նայելու իրականութեան ու չի ձրուելու այլ շահերով։ Ան ձեզ կոչեց որպէսզի դառնաք Եկեղեցւոյ իշխաններ ու նստիք իր աջ ու ձախ կողմը։ Ան ձեզ կը կոչէ ծառայելու` Իրեն նման եւ Իրեն հետ. Ծառայելու Հօր ու եղբայրներուն ու դիմագրաւելու աշխարհի մեղքը ու այդ մեղքին հետեւանքները այսօրուայ մարդկութեան վրայ։

Անոր հետեւելով` դուք եւս կը քալէք Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին առջեւէն ձեր հայեացքը հաստատ պահելով Տիրոջ Խաչին ու Յարութեան վրայ։ Ասոր համար Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, հաւատքով կը հայցենք Սուրբ Հոգին որպէսզի լիացնէ մեր ու Քրիստոսի սրտին միջեւ կայացած ամէն մէկ հեռաւորութիւն, եւ որպէսզի մեր բոլոր կեանքը դառնայ ծառայութիւն` Աստուծոյ եւ եղբայրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.