2017-06-28 11:25:00

Ֆաթիմայի մէջ ''Լիբանանի Օր''։ Զրոյց Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 24 եւ 25 Յունիսին, Փորթուկալի Ֆաթիմայի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ նշուեցաւ Լիբանանի օրը, որ կազմակերպուած էր Լիբանանի Մարոնիթ Համայնքի Պատրիարք Կարդինալ Պութրըս Պշարա Ռայիի կողմէ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկան այլ հովուապետեր ու Լիբանանի Քրիստոնեայ համայնքի զանազան յարանուանութիւններու հաւատացեալներ։

''Լիբանանի օրը'' ձեռնարկին նպատակն է  վերանորոգել  ''Մայրիներու Երկրի'' նուիրումը` Աստուածամօր անարատ սրտին։

Վերոնշեալ ձեռնարկի մասին առիթը ունեցանք զրուցելու Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմին Փոխանորդ Եպիսկոպոսը` գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին հետ որ, որպէս Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ մասնակցած էր ձեռնարկին ու մեզի փոխանցեց հետեւեալ տեղեկութիւնները

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.