2017-06-27 12:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութնէն պատուիրակութիւն մը


(Ռատիօ Վատիկան) Ինչպէս ամէն տարի,  Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու՝ Հռոմի Պաշտպան սուրբերուն  տօնին առիթով որ կը նշուի 29 Յունիսին,, երեքշաբթի, 27 յունիսի  առաւօտեան , Ֆրանչիսկսո Պապ իր գրասենեկային մէջ ընդունեց Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութենէն վատիկան ժամանած մէկ պատուիրակութիւն մը որ պիտի մասնակցին Պօղոս եւ Պետրոս առաքելապետերու տօնին ծիսական տօնակատարութիւններուն ։

Այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ ,Սրբազան Հայրը  շնորհակալութիւն յայտնեց  Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա-ին   ներկայացուցիչներ  ուղարկելուն համար՝ ''միասնաբար կիսելու առաքելապետերու տօնին ուրախութիւնը''  - ըսաւ  Ան  մատնանշելով  որ ՝՝Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս՝  Յիսուս Քրիստոսի առաքեալները  Տիրոջ ծառայեցին   իրարմէ տարբեր  ոճերով եւ զանազան կերպերով թէեւ` իրենց տարբերութեան մէջ երկուստեք վկայեցին Հօր Աստուծոյ ողորմածութեան սէրը,  մինչեւ՝ կեանքի նուիրումը՝՝, ՝՝ասոր համար, աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը, վաղուց ի վեր Արեւմուտքի եւ արեւելքին եկեղեցիները , միեւնոյն արարողութեան մէջ  կը նշեն Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն մարտիրոսութեան յիշատակը ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց,  թէ Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը, Հռոմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցիներու պատուիրակութիւններուն  կատարած փոխադարձ այցելութիւնները , կ՝աճեցնէ Կաթողիկէներու եւ օրթոտոքսներու միջեւ  լիակատար հաղորդութեան վերահաստատման փափաքը, որուն նախահամը արդէն կը զգան  եղբայրական հանդիպումի  եւ բաժնեկցուած աղօթքի  մէջ ինչպէս նաեւ երկու եկեղեցիներուն հասարակաց Աւետարանի ծառայութեան մէջ։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  անդրադառնալով,    թէ այս տարի  կը նշուի երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետին Ֆանար կատարած այցելութեան յիսուն ամեակը ՝ որ տեղի ունեցած է 1967-ին, եւ  միեւնոյն տարին, հոկտեմբեր ամսոյն՝ Աթենակորա Պատրիարքի Հռոմ այցելութեան յոբելինական տարեդարձը,  մաղթանք յայտնեց որ այս երկու քաջարիներու տիպարը քաջալերանք հանդիսանայ յարատեւելու միութեան ուղին վրայէն։  

Ան ապա գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ  որ  կը շարունակէ    առիթներ շնորհել հանդիպելու իր եղբօր Բարթողոմէոս պատրիարքին հետ, ու երախտագիտութեամբ   յիշեց  վերջերս  Գահիրէի մէջ Պատրիարքին հետ ունեցած հանդիպումը ապա ակնարկելով Յունաստանի մէջ յառաջիկայ սեպտեմբերին կայանալիք  Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս եկեղեցիներու Աստուածաբանական խառն յանձնախումբի հաւաքին, մաղթանք յայտնեց որ այդ հաւաքը ըլլայ  հարուստ եւ պտղաբեր։ Հուսկ  խօսքին աւարտին  Ֆրանչիսկսո Պապ յարեց  թէ Առաքեալներուն  միութիւնը՝, եղած է Յիսուս Քրիստոսի սրտաբուխ խնդրանքը  Հօր Աստուծոյ ''որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան'', ապա հրաւիրեց աղօթել  մէկը միւսին համար,  որպէսզի Տէրը  մեզի շնորհէ  պարգեւը ըլլալու  հաղորդութեան եւ խաղաղութեան գործիքները, ապաւինելով Սուրբ Պետրոս Եւ Պօղոս եւ Անդրէաս Առաքեալներու բարեխօսութեան։   








All the contents on this site are copyrighted ©.