2017-06-27 09:50:00

Գեղամ Արք. Խաչերեան Յունաստանի թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ


Յունաստանի Հայոց թեմի ազգային ժողովը, կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանի նախագահութեամբ, իր ազգային երեսփոխանական ժողովը գումարեց Շաբաթ, 24 եւ Կիրակի, 25 Յունիս 2017-ին, Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահին մէջ:

Յաջորդական երեք նիստերով, իրաւասու քուէով քառասուն ազգային երեսփոխաններէ բաղկացած Յունահայոց Թեմական ժողովը քննարկեց ընթացաւարտ Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովին, յարակից խորհուրդներուն եւ թաղականութեանց երկամեայ նիւթաբարոյական գործունէութիւնը՝ համապատասխան արժեւորումի ենթարկելով արձանագրուած թէ՛ ձեռքբերումները, թէ՛ կաղացումներն ու թերացումները:

Թեմական ժողովը իր օրակարգին վրայ ունեցաւ եւ կատարեց թեմակալ նոր առաջնորդի ընտրութիւնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի տրամադրած թեմակալ առաջնորդի թեկնածուներու եռանուն ցանկին հիման վրայ, ժողովը յառաջիկայ վեց տարիներու պաշտօնավարութեան շրջանին համար թեմակալ առաջնորդ ընտրեց Գեղամ արք. Խաչերեանը:

Այնուհետեւ, Յունահայոց Ազգային Թեմական ժողովը կատարեց նաեւ ընտրութիւնը Ազգային նոր վարչութեան՝ հետեւեալ կազմով. Աբէլեան Արաքսի, Այվազեան Զապէլ, Աւագեան Նազար, Եզեկէլեան Կոստան, Կիւրիւնլեան Պետրոս, փրոֆ. Յարութիւնեան Սերգօ, Յովակիմեան Թագւոր, Չօլաքեան Պօղոս, Պլէճեան Վերա, տոքթ. Վարդանեան Արթին եւ տոքթ. Փափազեան Ստեփան:








All the contents on this site are copyrighted ©.