2017-06-26 10:37:00

«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը 80,000 տոլար կը հանգանակէ


«Հայաստանի Մանուկներ» հիմնադրամին ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան 7-րդ ամառնային հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Յունիս 20-ին, Նիւ Եորքի քաղաքամէջի «Տրիմ» պանդոկի տանիքը, մասնակցութեամբ աւելի քան 250 համակիրներու եւ հիւրերու։

Յատուկ հիւրերու շարքին էին՝ Թոնի Շաֆրազի, Փաթրիսիա Ֆիլտ, Եդուարդ Պարսամեան, Տիգրան Ձիթողցեան եւ Արմէն Քէթէեան։

Սոյն հաւաքին ընթացքին կարելի եղաւ հանգանակել 80,000 տոլար գումար մը, որ պիտի տրամադրուի հիմնադրամին կողմէ իրագործուող Հայաստանի գիւղական շրջաններու մէջ արդի արհեստագիտութեամբ հարուստ՝ SMART դաստիարակչական կեդրոններէն մէկուն համար արդիական գրադարան մը կառուցելու նպատակին։

Նշենք, որ այս կեդրոնները պիտի հանդիսանան գիւղական շրջաններու երեխաներուն կրթական արդի ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւններ, ուր պիտի տրամադրուին անգլերէնի, արհեստագիտութեան, արուեստի, երաժշտութեան, առողջապահութեան, մարմնամարզի եւ արդի հողագործութեան դասընթացքներ:

Արմաւիրէն սկսելով, հիմնադրամը այժմ արդէն կրթական, առողջապահական, ընկերային-տնտեսական ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Հայաստանի 6 մարզերու մէջ գտնուող 44 գիւղերու մէջ, ցարդ նպաստելով առնուազն 67,000 երեխաներու եւ անոնց ընտանիքներուն։

Դրամահաւաքի ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ հիմնադրամի ղեկավար տոքթ. Կարօ Արմէն, որ վերջերս համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրած էր Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ։

Հիմնադրամին կրթական այս նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.coafsmart.org կայքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.