2017-06-25 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը:


(Ռատիօ Վատիկան) «Աշակերտը կանչուած է իր կեանքը նմանցնելու Քրիստոսի կեանքին­, որ հալածուեցաւ մարդոց կողմէ, ճանչցաւ մերժումը, լքումն ու խաչին վրայ մահը» այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին կիրակի 25 յունիսին մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան առանցքը։

Ներշնչուելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն­, որուն մէջ Յիսուս նախ քան իր աշակերտները առաքելութեան ուղարկելը զանոնք կը խրախուսէ ու կը  քաջալերէ «մի վախնաք» բառերով, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ­. «Յիսուս աշակերտներուն յաջողութիւն չ՛ապահովեր» ու աւելցուց թէ քրիստոնէական առաքելութիւնը անդորր առաքելութիւն մը չէ, դժուարութիւններն ու անձկութիւնը մաս կը կազմեն աւետարանութեան գործընթացին, սակայն, դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, աշխարհի մէջ քրիստոնէական վկայութեան դժուարութիւններու ընթացքին մենք երբեք չենք մոռցուած, այլ մեր կողքին ունինք երկնային Հօր հոգատարութիւնը ։

Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց թէ այս օրերուն եւս տեղի կ՛ունենան քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքներ ու մենք կ՛աղօթենք մեր այդ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար, որոնք հակառակ բոլոր հալածանքներուն կը շարունակեն քաջութեամբ վկայել իրենց հաւատքը, ապա ակնարկեց այլ տեսակ առաքելութեան` ուր Տէրը մեզ կ՛ուղարկէ մարդոց միջեւ որոնք չեն ուզեր արթննալ աշխարհիկ նիրհէն եւ չեն ճանչնար Աւետարանի ճշմարտութեան խօսքերը, այլ կը հիմնուին խախուտ ճշմարտութիւններուն վրայ։

Սրբազան Պապը խորհրդածութիւնը աւարտեց Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցելով որ մեզ օգնէ, որպէսի հասկանանք թէ մեր հաւատքի վկայութեան մէջ կարեւոր չեն յաջողութիւնները այլ Քրիստոսի նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը։

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն յիշելով Չինաստանի Սիքուան շրջանի մէջ տեղի ունեցած աղէտին զոհերը, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած` մեռեալներուն ու վիրաւորներուն համար ու անոնց որոնք իրենց տուները կորսնցուցին  հայցելով բոլորին համար մխիթարութիւն­, ապա յիշեց Վիլինուսի մէջ այսօր Երանելի հռչակուած` հաւատքի խոստովանող գերապայծառ Թէօֆիլօ Մաթուլիոնիսը, հուսկ ողջունեց Ուքրանացի Յոյն Կաթողիկէ հաւատացեալները որոնք Հռոմ եկած են ուխտագնացութիւն կատարելու ու տօնախմբելու Սուրբ Ժոզաֆաթի սրբադասման 150րդ ամեակը ու Ուքրանիոյ համայն ազգին համար մաղթեց խաղաղութեան պարգեւը։








All the contents on this site are copyrighted ©.