2017-06-24 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը ''Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան'' միաբանութեան անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 24 Յունիս 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց ''Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան'' միաբանութեան ընդհանուր ժողովի 30 մասնակիցները ու այս առթիւ անոնց ուղղած պատգամին մէջ վերյիշեց միաբանութեան հիմնադիր` Պոկտան Եանսքին ու անոր 19-րդ դարու ընթացքին Ֆրանսա գաղթած Լեհերու ի սպաս առաքելութիւնը ու միաբանութեան խարիզմը` վկայելու Քրիստոսի Յարութիւնը, որպէս քրիստոնէական կեանքի հիմք ու այս ուղղութեամբ հռչակելու անձնական յարութեան կարեւորութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց ''Վկաներ Յարուցեալ Տիրոջ ներկայութեան. Հասարակութենէն դէպի աշխարհ'' ընդհանուր ժողովի բնաբանին եւ խօսքը կեդրոնացուց բնաբանին վրայ հաստատելով թէ ''վկաներ Յարուցեալ Տիրոջ ներկայութեան, կը նշանակէ ըլլալ Յարուցեալին առաքեալներ'' ու այս առընչութեամբ անոնց թելադրեց Մարիամ Մագդաղենացին տիպարը` որպէս առաքեալներու առաքեալ­, որ Զատկուայ առաւօտուն հանդիպելէ ետք Յարուցեալ Քրիստոսին, զայն աւետեց միւս աշակերտներուն։ ''Ան կը փնտռէր մեռած Յիսուսը սակայն զայն կը գտնէ կենդանի, ահա այս է Բարի Լուրը որ ան կը տանի ուրիշներուն'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խրախուսելով ներկաները եւս ըլլալու անոր նման, չի կապուելու անցեալին, այլ ըլլալու հայեցողական` սրտին հայեացքը ուղղելով միշտ Տիրոջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց Մագդաղենացիին եւ միւս կիներուն ''դէպի դուրս'' յատկութեան, յորդորելով ներկաները եւս ընթանալու միշտ դէպի դուրս­, դէպի մարդկայնական արուարձաններ, այնտեղ ուր կարիքը կայ տանելու Աւետարանի լոյսը։

Քահանայապետը յորդորեց ապա ըլլալ Էմմաւուսի աշակերտներուն նման, թոյլ տալ որ Յարուցեալը հանդիպի իրենց, նա մանաւանդ յուսալքումի ճանապարհին վրայ, ապա խրախուսեց զանոնք ըլլալու աւետարանական հասարակութիւն կերտողներ ու հասարակութեան մէջ ապրիլ որպէս եղբայրներ, ապրելակերպով վկայելով  այդ հասարակական եղբայրական կեանքը։

Ի վերջոյ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց Զատկուայ յարութենէն բխած յոյսն ու ուրախութիւնը, հաստատելով թէ այդ մէկը կոչումն ու առաքելութիւնը ըլլալու է միաբանութեան անդամներուն։

''Թող որ ''Ինչո՞ւ ողջը կը փնտռէք մեռեալներու մէջ'' կոչը, յաճախակի հնչէ ձեր սրտերուն մէջ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որպէսզի ձերբազատուիք տխուր պահերէն ու ձեր առջեւ բացուին ուրախութեան եւ յոյսի հորիզոններ, ան ապա խօսքը աւարտեց կրկնելով ''Նուիրեալ Կեանքի'' տարուան առթիւ իր արտասանած խօսքերը` ''երախտագիտութեամբ յիշել անցեալը, գորովով ապրիլ ներկան ու ապագան ողջագուրել յոյսով'' ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը` որպէսզի որպէս Մայր` հսկէ բոլորին ուղեւորութեան վրայ ու ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները, անոնցմէ խնդրելով չմոռնալ աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.