2017-06-23 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Մալթայի ասպետական ինքնիշխան կարգի պատուիրակութեան հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 23 յունիս 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեկային մէջ ընդունեց, անցեալ 29 մայիսին ընտրուած Մալթայի Ասպետական Կարգի Աւագ Իշխանի տեղակալը` Եղբայր Ճաքոմօ Տալլա Թորրէ Տէլ Թեմփիօ Սանկուինեթթին ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի տօնին, առթիւ որուն նշումը տեղի կ՛ունենայ 24 Յունիսին։

Հանդիպման ընթացքին Ասպետական Կարգի Աւագ Իշխանի տեղակալը Նորին Սրբութեան ներկայացուց Կարգի Սահմանադրութեան վերանորոգումներու գործընթացը ինչպէս նաեւ Մալթայի Ասպետական կարգի ծրագիրները, յատկապէս յատկացուած փախստականներուն։ Եղբայր Ճաքոմօ Տալլա Թորրէն ներկայացուց նաեւ Ասպետական Կարգի դիւանագիտական գործունէութիւնը ի սպաս համամարդկային միջազգային օրէնքներու յարգանքին։

Նշենք թէ իր 12 հազար համակիրներով եւ 100 հազարէ աւելի կամաւորներով, աշխարհի 120 երկիրներու մէջ երկու հազարէ աւելի ծրագիրներով, Մալթայի Ասպետական կարգը դարմանումի, ընկերային ու հոգեբանական ծառայութիւն կը մատուցէ կարիքաւորներուն։

Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպման աւարտին Մալթայի Ասպետական կարգի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` կարդինալ Փարոլինին հետ։

Երուսաղէմի, Ռոտիի եւ Մալթայի  Սուրբ Յովհաննէսի անուան ռազմական ինքնիշխան կարգը հիմնուած է Երուսաղէմի մէջ 1048 թուականին, որպէս առաքելութիւն ունենալով հաւատքը վկայել ու ծառայել աղքատներուն եւ հիւանդներուն։

Մալթայի Ասպետական կարգը անկողմնակալ, չէզոք եւ ոչ քաղաքական բնոյթ ունի, թէեւ 106 պետութիւններու հետ  դիւանագիտական կապեր հաստատած է եւ իր մշտական դէտը ունի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ։ 1834 սկսեալ Մալթայի Ասպետական կարգի կառավարութեան աթոռը կը գտնուի Հռոմի մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.