2017-06-23 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը Սերրա միջազգային ընեկրակցութեան անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 23 յունիս,  2017-ի կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Serra International'' ընկերակցութեան Հռոմի մէջ գումարուած,  75-րդ համագումարին աւելի քան 600 մասնակիցներուն։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը անդրադառնալով ընկերակցութեան առաջնակարգ առաքելութեան մասին, որ է ՝՝ ըլլալ բարեկամ՝՝ յարեց, թէ այս մէկը ''մեծ պարգեւ մըն է,  որուն միջոցաւ յիշեալ ընկերակցութիւնը կը հարստացնէ եկեղեցին'', աւեցնելով որ ՝՝Սերրանօ՝՝ ընկերակցութեան իւրաքանչիւր անդամ յատուկ բարեկամ մըն է, որ Տէրը կը զետեղէ կարգ մը նորընծաներու եւ կարգ մը քահանաներու մօտ։    Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց բարեկամութեան վրայ ըսելով.

՝՝Այսօր՝ նորաձեւ հաղորդամիջոցներու աշխարէն ներս, բարեկամ բառը ամենէն շատ օգտագործուած բառն է։  Թէպէտ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապ, քաջ գիտենք, որ մակերեսային ճանաչողութիւնը բաւարար չնկատուիր հանդիպումի փորձառութիւն կատարելու, դիտել տալով որ իսկական բարեկամութիւնը կը կայանայ՝ լոկ  ուրիշները մեր կեանքէն ներս ներգրաւելու մէջ, մինչեւ անձնուիրում, եւ այս առումով մէջբերեց Յիսուսի` առաքեալներուն ըսած խօսքը՝՝ ձեզի ծառայ չեմ կոչեր այլ բարեկամներ  ՝՝Յովհ 15,15՝՝

Ֆրանչիկսոս Պապ  լայնօրէն անդրադառնալէ ետք բարեկամութեան մասին, յարեց թէ ընկերակցութեան անդամները այս տեսակ բարեկամութիւնը կը ջանան պարգեւել քահանաներուն, դիել տալով որ ՝՝Սերրա՝՝ ակումբը այն վայրն էր ուր կ՝աճի քահանաներուն աշխարհական բարեկամներ դառնալու կուչումը, բարեկամներ որոնք գիտեն  զօրակցիլ հաւատքի իմաստութեամբ, աղօթքի հաւատարմութեամբ  եւ առաքելական յանձնառութեամբ։ 

Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ ՝՝միշտ յառաջ՝՝  ընկերակցութեան համագումարին խորագիրի  երկրորդ բաժինին, յարելով թէ այս բառը բանալի բառ է քրիստոնէական կոչումին համար ու հրաւէր մըն է մեր անձէն դուրս ելլելու եւ ապրելու  Տիրոջ հետ հանդիպումի տօնախմբութիւնը  եւ ընթանալու Տիրոջ հրաւիրած ուղիներուն վրայէն։

 Ֆրանչիսկոս Պապ  հուսկ քաջալերեց ներկաները քաջութեամբ յառաջ ընթանալու եւ մաղթեց, որ անոնք միշտ պատրաստ ըլլան ողիմպիական խաղերու ջահը ուրիշներուն փոխանցելու, մասնաւորապէս ապագայի սերունդներուն, այն գիտակցութեամբ, որ ջահին  կրակը վառած է բարձունքէն, որ կը կանխէ մեր պատասխանը եւ կը գերազանցէ մեր աշխատանքը։

Ճառի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խրախուսեց ներկաները  բարեկամութիւն մշակելու  նորընծաներուն եւ քահանաներուն հետ,  ցուցաբերելով կոչումներու զարգացման նկատմամբ իրենց սէրը, աղօթքի եւ հովուական ծառայութեան միջոցաւ, ապա յանձնարարեց միշտ յառաջ ընթանալ նոր  հորիզոններ բանալով, ինչպէս նաեւ տեղ տալով երիտասարդներուն ու պատրաստելով անոնց ապագան՜

՝՝Եկեղեցին եւ քահանայական կոչումները կարիք ունին ձեզի՝՝  ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով իր խօսքը ու ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.