Իրաքի մէջ «Կու գանք Նինուէ» գործողութեան հրամանատարը յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները պայթեցուցած են հին Մուսուլի մէջ գտնուող Նուրի մզկիթն ու պատմական Հատպա մինարեթը, երբ իրաքեան ուժերը յառաջացած են մզկիթէն 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ եղող դիրքեր:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի «Աամաք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, որ մզկիթն ու մինարեթը քանդուած են ամերիկեան օդային հարուածի մը պատճառով:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը հերքեց ՏԱՀԵՇ-ի հրապարակած լուրը` նշելով. «Ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումն է, որ քանդեց Նուրի մզկիթը, եւ ոչ թէ ամերիկեան օդուժի ռմբաձիգները»:
Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Նուրի մզկիթի պայթեցումը անոր պարտութեան պաշտօնական յայտարարութիւնն է:
Նշենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապուպաքր Պաղտատի 3 տարի առաջ այդ մզկիթէն յայտարարած էր Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ խալիֆայութեան հաստատումը:
All the contents on this site are copyrighted ©. |