2017-06-23 10:09:00

Ս. Խաչ-Հարպոյեանը 29 ծաղիկներ կը քաղէ իր բերքահաւաքի հանդէսով


Շաբաթ« 17 Յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 6.00-ին« Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը, ներկայութեամբª արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս. Խազումեանի, Լիբանանի մօտ ՀՀ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանի, գերյարգելի հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ՝ Մարինէ Յարութիւնեանի եւ Ժենիա Կիւլպէնկեանի, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու:

Հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներով: «Մեր անունն է հայկական բանակ» երգին ընկերակցութեամբ շրջանաւարտ աշակերտները մտան սրահ եւ բեմին վրայ գրաւեցին իրենց տեղերը: Հանդիսութեան առաջին բաժինը նուիրուած էր Արցախին. ծաղիկ դասարանի աշակերտները գովերգելով Արցախի խիզախութիւնը եւ արտասանելով Արցախին կառչած մնալու վճռական խօսքեր, անոնք պաստառի վրայ կերտեցին Արցախի քարտէզի, դրօշը, զինանշանը եւ ապա զանոնք միացուցին մայր Հայաստանին, կերտելով հայրենիքի համայնապատկերը: «Արմենիա» երգի կատարումէն ետք, անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց դրախտային մանկապարտէզին եւ ուսուցչուհիներուն, ապա բեմ հրաւիրեցին վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը:

Տիկ. Պոյաճեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ իսկապէ՛ս հպարտութիւն է այս բեմին վրայ տեսնել 29 նորափթիթ ծաղիկներ, որոնք ապացոյցն են հայ ժողովուրդին գոյատեւելու, բազմանալու եւ իրենց հայրենիքին կառչած մնալու կամքին, ինչպէս նաեւ իրենց ներկայացուցած ելոյթով կու գան մեզի հրամցնելու ամբողջ չորս տարիներու աշխատանքին արգասիքը: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնելով եւ դպրոցին հանդէպ ծնողներուն ունեցած վստահութեան եւ համոզումին համար, ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, որ այսօր ձեր զաւակները Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան կը յաճախեն որովհետեւ դուք կը վստահիք անոր կրթական 30-ամեայ յաջող փորձառութեան. որովհետեւ դուք համոզուած էք, որ այս կրթօճախին մէջ ձեր զաւակը կը ստանայ բարձր մակարդակի ուսում, հայեցի դաստիարակութիւն, ազգային ու հոգեւոր կրթութիւն, հայկական շունչ ու ոգի, եւ այս բոլորը ազնիւ ու մաքուր միջավայրի մէջ. որովհետեւ դուք լաւ գիտէք, որ աշակերտը մեզի համար ծրագիր է եւ ոչ թէ պարզապէս թիւ մը, եւ իւրաքանչիւր աշակերտի կը տրամադրուի իր կարիքներուն ու կարողութիւններուն համապատասխանող ծրագիր, որպէսզի ապահովենք բոլորին յաջողութիւնը թէ՛ դպրոցին եւ թէ յետագային իր կեանքին մէջ. որովհետեւ դուք հոս կը գտնէք մշտապէս վերաորակաւորման հետեւող ուսուցիչներ, որոնք վերապատրաստութեան դասընթացքներու կը հետեւին թէ՛ Լիբանանի եւ թէ հայրենիքի մէջ. որովհետեւ դուք կը տեսնէք, որ վարժարանը քայլ կը պահէ արդիականութեան ու ժամանակակից պահանջներուն հետ. եւ ի վերջոյ, որովհետեւ դուք կը հաւատաք, որ վերոնշեալ յատկութիւններով օժտուած Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան ուղարկելու համար կ’արժէ ձեր հոգեհատորներուն համար ծախսուած իւրաքանչիւր դահեկանը կամ երբեմն նոյնիսկ հսկայական թուող գումարները»:

Այնուհետեւ, Ս. Խաչ-Հարպոյեանի տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց գերապայծառ հայր Խազումեանը եւ մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Լենա Տէրտէրեանը, եւ կատարուեցաւ 29 շրջանաւարտներու վկայկաններու բաշխումը:

Խազումեան գերապայծառը խօսք առնելով ըսաւ, թէ մենք այսօր եկած ենք այս պզտիկներով ուրախանալու, որովհետեւ իրենք են մեր ուրախութիւնը, մեր ապագան եւ իրենք պիտի ըլլան մեր նեցուկը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն՝ իրենց ունեցած հաւատքին համար, նշելով որ այս հաւատքը պիտի բարձրացնէ իրենց: Ան մաղթեց, որ աշակերտները մեծնան առողջ, ունենան փայլուն ապագայ եւ ըլլան օրինակելի անհատներ ու տիպար հայեր:

Յայտագրի երկրորդ բաժնով կոկոն դասարանը արաբերէն «Լամմա Պիմշի Աալ Ռասիֆ» երգով ներկայացուց արեւելեան պատկեր մը, որուն յաջորդեց ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն բեմականացումը՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Խօսող Ձուկը» գործին: Կոկոն դասարանը դարձեալ բեմ բարձրացաւ «Fame» երգին պարով, բողբոջը՝ «Իմ Արեւ», իսկ  ծիլը՝  «Իմ Տիկնիկ»: Անոնք անգլերէնով, արաբերէնով ու հայերէնով երգեցին ձուկի թեմայով մանկական երգեր: Ծաղիկ դասարանը նաեւ ելոյթ ունեցաւ «Հու Հա» երգի պարով, որմէ ետք յայտագիրը իր լրումին հասաւ «Հայաստանը Մենք Ենք» երգով:

Հուսկ, Տիկ. Պոյաճեան բեմ բարձրանալով շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի բոլոր անձնակազմին, ի մասնաւորի մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Լենա Տէրտէրեանին, ու ծաղկեփունջով պատուեց բոլորը:

Նշենք նաեւ, որ հանդէսի աւարտէն ետք, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչները Տիկ. Պոյաճեանին յանձնեցին Մայրենիի տօնին նուիրուած «Իմ Քաղցր Լեզու» թեմայով շարադրութիւններու մրցոյթին վարժարանիս աշխոյժ մասնակցութեան համար տրամադրուած նախարարութեան Շնորհակալագիրը:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.