2017-06-22 13:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը. ''Հովիւը ըլլալու է կրքոտ, զատորոշող ու չարը դատապարտող''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 22 յունիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ զոհին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ակնարկելով Պօղոս Առաքեալի կենցաղին, հաստատեց թէ ''Հովիւը ըլլալու է կրքոտ, պէտք է գիտնայ զատորոշել ու պէտք է նաեւ գիտնայ դատապարտել չարը''։

''Բարի Հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար'' այս եղաւ աւետարանական հատուածը որուն վրայ հիմնուելով է որ Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց խորհրդածութիւնը­, Սուրբ Պօղոսի մէջ տեսնելով այդ իսկական ու բարի հովիւը` որ մինակ չի թողուր ոչխարները, ինչպէս է պարագան վարձկանին։

Բարի Հովիւի յատկութիւնները նշելով Նորին Սրբութիւնը շեշտեց անոր կրքոտ ըլլալու կարեւորութիւնը, մօտիկ իր ժողովուրդին, ապա յանձնարարեց ըլլալ զատորոշող որ գիտակից թէ ''չարին ու ստախօսութեան հայրը'' միշտ թակարթ կը լառէ, ան մոլորեցուցիչ է մինչ բարի Հովիւը ոչ. Բարի Հովիւը կը սիրէ ու պէտք է գիտնայ նաեւ զգուշանալ չարէն ու ընկերանալ իր հօտին, ըլլայ գեղեցիկ ըլլայ դժուար պահերու ընթացքին, ան ապա պէտք է նաեւ կարողութիւնը ունենայ ընդդիմանալու չարին ու դատապարտելու ու բացայայտելու յանցագործերը։

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ անցեալ երեքշաբթի օր` Պոցցոլօ ու Պարպիանա կատարած հովուական ուխտագնացութեան, ուր, ըսաւ Քահանայապետը, կը գտնուին այդ երկու բարի իտալացի հովիւները, ակնարկելով Հայր Մացոլարիին եւ հայր Միլանիին, ապա քարոզը աւարտեց աղօթքով մը` Եկեղեցւոյ բոլոր հովիւները յանձնելով Սուրբ Պօղոսի բարեխօսսութեան, որպէսզի անոնք դառնան Տիրոջ իսկական ծառաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.