2017-06-22 14:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հոլանտայի Թագաւորն ու Թագուհին։ Հաղորդագրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը` 22 յունիս 2017-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս, այսօր ունկնդրութիւն շնորհեց, Նորին Վսեմութիւնը Հոլլանտայի Թագաւոր Ուիլլէմ Ալեքսանտրին ու անոր կողակից Մաքսիմա Թագուհիին­, որոնք ապա հանդիպում ունեցան Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինին հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուպարը` Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր զրոյցները առիթ ընծայեցին փոխանակելու գնահատականներ` հայող միասնական հարցերու, ինչպէս է` բնապահպանութիւնը ու աղքատութեան դէմ պայքարը, ու նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Եկեղեցւոյ վերոնշեալ ոլորտներու մէջ յատուկ ներդրումը։

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ գաղթականութեան երեւոյթին, ընդգծելով` տարբեր մշակոյթներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան կարեւորութիւնը ու միասնական յանձնառումը` զարգացնելու խաղաղութիւնը ու համընդհանուր անվտանգութիւնը, յատկապէս հակամարտութեան սրահ դարձած շրջաններուն մէջ։

Ի վերջոյ յատուկ խորհրդակցութիւն կատարուեցաւ եւրոպական ծրագրի հեռանկարին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.