2017-06-22 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ''R.O.A.C.O.'' –ի 90-րդ հաւաքի մասնակիցները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 22 Յունիս 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հնդկաստանի Ռանքի թեմին Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Թելեսֆոր Փլաչիտուս Թոփփոն, որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Հոլանտայի Թագաւոր` Ուիլլէմ Ալեքսանտրին ու Թագուհի Մաքսիմային ու անոնց ընկերացող պատուիրակութեան ապա ընդունեց Փորթորիքոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահական կազմը` գլխաւորութեան եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Ռոպերթօ Օքթավիօ Կոնզալէս Նիեվեսին եւ ընդունելէ ետք նաեւ Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր տնօրէն` Տիար Միշել Ռոյը Սրբազան Հայրը, Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց  ''R.O.A.C.O.'' Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու տարեկան 90-րդ հաւաքի մասնակցողներուն։

Անոնց արտասանած ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը նորոգեց իր գնահատանքը` 1968էն ասդին անոնց տածած բարեսիրական ու զօրակցական գործունէութեան, ի սպաս կարիքաւոր եկեղեցիներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ ապա Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձին, որոնց ընթացքին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Արեւելքի եկեղեցիները ապրեցան հալածանքի ու ճգնաժամային պահեր։ Գաղթականութեան զօրեղ հոսքը նպաստեց քրիստոնեայ հասարակութիւններու տկարացումին, այն վայրերուն մէջ ուր անոնք ծաղկած են դարերու հոլովոյթին, թէեւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիները այսօր դարձած են անկախ եւ ազատ, Միջին Արեւելքի երկիները, ինչպէս Սուրիան, Իրաքն ու Եգիպտոսը ակնատէս են իրենց զաւակներու տառապանքին, պատերազմի շարունակութեան ու ծայրայեղական ահաբեկչութեան կիրարկած  բռնութիւններու պատճառաւ։

''Բոլոր այս փորձանքները մեզ մղեցին ընթանալու Յիսուսի Խաչի ճանապարհէն, որ է տատամսումի ու տառապանքի ճանապարհ, ու միեւնոյն ատեն փրկութեան աղբիւր'' ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու վերյիշեց` հազիւ քահանայապետ ընտրուած խաչի մասին արտասանած խօսքերը ''Եթէ քալենք առանց խաչին, եթէ կառուցենք առանց խաչին եւ եթէ Քրիստոսը դաւանինք առանց խաչին, Տիրոջ աշակերտներ չենք'', ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն հաւաքի ընթացքին իրենց կատարած քննարկումներուն համար յատկապէս  հայող նորընծաներու ու քահանաներու կազմաւորումին։

Հարկաւոր է ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շարունակել թիկունք կանգնիլ կազմաւորումի ծրագիրներուն այնպէս ինչպէս մշակել ու զարգացնել  աւետարանական մօտիկութեան ոճը որպէսզի Բարի Սամարացիին նման Տիրոջ շոյանքը տանինք մեզի վստահուած հաւատացեալներուն, սրտերու վէրքերու ու մարդկային պատմութիւններու վրայ դափելով մխիթարութեան իւղը ու աւետարանական յոյսի գինին։ 

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ ակնարկեց ''R.O.A.C.O.'' գործունէութեան` Միջին Արեիելքի եկեղեցական կառոյցներու, վանքերու ու այլ աղօթատեղիներու պահպանումի ի խնդիր, դիտել տալով թէ Միջին Արեւելքի մէջ Քրիստոնեաները` ըլլան անոնք կաթողիկէ, օրթոտոքս կամ բողոքական, իրենց արիւնը կը թափեն վասն հաւատոյ խոստովանութեան ու կոչ ուղղեց որպէսզի այն հաւատացեալներ որոնք ստիպուած են գաղթականութեան ուղին ստանձնել ու այլ երկիներ երթալ, այնտեղ ընկալուին ու կարենան շարունակել ապրիլ իրենց եկեղեցական աւանդութիւնները, այնպէս որ ''R.O.A.C.O.'' –ի գործունէութիւնը հանդիսանայ կամուրջ` ընդմէջ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի։ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն վրայ հայցելով Սուրբ Կողս Մարիամի հովանին ու անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները­, խնդրելով ներկաներէն որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.