2017-06-22 09:53:00

Քահանայապետի այցելութեան առթիվ Քոլոմպիայի եպիսկոպոսներուն զինադադրի կոչը։


(Ռատիօ Վատիկան) 20 Յունիս 2017-ին Քոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հրապարակած է կոչ - պատգամ մը որուն մէջ հակամարտող կողմերէն` կառավարութենէն ու ազգային ազատագրումի բանակէն, պահանջած է անմիջական զինադադար։

Եպիսկոպոսները պատգամին մէջ գրած են ''կը փափաքինք զարգացնել երկխօսութիւնը­, հասնելու համար  կողմերու միջեւ վերջնական համաձայնութեան, որուն նպատակը ըլլայ զինային բախումներու դադրեցումն ու վերջը''։ Անոնք ապա մատնանշած են յառաջիկայ սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապին Քոլոմպիա կատարելիք առաքելական այցելութեան ու այցելութեան նշանաբանին` ''առաջին քայլը կատարենք'', ու այս առընչութեամբ հրաւիրած են կողմերը ''անմիջական զինադադար հաստատել ու վերջ դնել երկկողմանի հակառակութիւններուն ու միասնական կամքով նպաստել Քոլոմպիաի ժողովուրդին բարիքին պատշաճ կերպով հիւրընկալելու համար Ֆրանչիսկոս Պապն ու անոր խաղաղութեան պատգամը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.