2017-06-21 11:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Չիլէ կատարելիք ճամբորդութեան լուրը մեծ ուրախութեամբ ընկալուեցաւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 15-էն -18  յունուար 2018-ին Չիլէ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան լուրը մեծ ուրախութիւն պատճառած է Չիլէի եպիսկոպոսներուն։

Չիլէի մէջ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Ւվօ Սքափոլօ, մեկնաբանելով Նորին Սրբութեան սոյն  լուրը նշեց  թէ անիկա շատ գեղեցիկ լուր մըն է,  որ Չիլէի ժողովուրդը ուրախութեամբ կը լեցնէ,  ապա  Նորին Սրբութեան ճամբորդութիւնը նկատեց մեծ առիթ, այժմէն իսկ՝ վերանորոգելու եւ զօրացնելու համար Չիլէի ժողովուրդին՝ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ սիրոյ կապը։  

Մինչ Չիլէի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ Գերապայծառ՝ Սանթիակօ Սիլվա, իր կարգին գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, նշած է թէ Չիլէի հաւատացեալները բաց սիրտով պիտի ընդունին Ֆրանչիսկոս Պապը, աւեցնելով թէ Նորին Սրբութիւնը Չիլէ պիտի գայ հաստատելու համար հաւատացեալները իրենց հաւատքին մէջ, իրենց աւելի հիւրասէր ընկերութիւն կերտելու աշխատանքին մէջ ։

Ւ վերջոյ Սանթիակոյի արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Ռիքարտօ Էզզաթին, հաստատած է, թէ Ֆրանչիսկոս Պապի Չիլէի այցելութիւնը- մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ Չիլէի ժողովուրդին, որուն մեծ մասը աշխատանք կը տանի  խաղաղութեան ու արդարութեան ի խնդիր։    








All the contents on this site are copyrighted ©.