2017-06-21 08:11:00

Պրիւքսէլի գնացքի կեդրոնական կայարանին մէջ պայթում։


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ քաղաքայիններ Պրիւքսէլի գնացքի կեդրոնական կայարանէն դուրս բերուած են, երբ այդտեղ պայթում մը տեղի ունեցած է:  Քաղաքայինները հեռացուած են նաեւ քաղաքի գլխաւոր հրապարակէն` Կրան Փլասէն: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ականուած գօտի հագած անձ մը «վնասազերծուած» է:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ կայարանին մէջ փոքր պայթումէ մը ետք, կայարանին հսկող զինուորները վնասազերծած են անձ մը: Մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած








All the contents on this site are copyrighted ©.