2017-06-20 09:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կատարեց ''պատանիներուն'' նուիրուած Հռոմի Թեմի գիտաժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Արմատախիլ եղած ընտանիքը, ընտանիք մըն է առանց պատմութեան, առանց յիշողութեան, առանց արմատի'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին երկարաշունչ խորհրդածութեան  առանցքը զոր ներկայացուց` երկուշաբթի 19 Յունիսի երեկոյեան, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ կայացած Հռոմի թեմի ''պատանիներու կազմաւորումին'' յատկացուած գիտաժողովին բացման արարողութեան առթիւ։ Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց միշտ մօտիկ ըլլալու պատանիներուն յիշեցնելով որ կեանքի այդ  ժամանակահատուածը ''դժուար ժամանակ է'' սակայն ''հիւանդութիւն'' չէ։

Գիտաժողովը, ինչպէս նշեցինք, նուիրուած էր անչափահասներու կրթութեան ու անոնց ծնողաց դաստիարակչական պարտականութեան, որպէս բնաբան ունենալով. ''Միակ չի թողունք զանոնք։ Ընկերանաք ծնողներուն` անչափահաս զաւակներու կրթութեան պարտականութեան մէջ''։  Այս առընչութեամբ  Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Հռոմ քաղաքի կեանքի դժուարին պայմաններուն ու ընտանիքներու ապրած դժուարութիւններուն, դիտել տալով թէ Հռոմ քաղաքը կ՛ապրի արմատախիլ ըլլալու վտանգը, որուն բերումով ընտանիքները եւս սկսած են աստիճանաբար կորսնցնել իրենց կապերը, ''այդ կենսունակ հիւսուածքը որ այդքան կարեւոր է որպէսզի մենք մեզ մաս զգանք ուրիշներուն, եւ ուրիշներուն հետ մասնակից` միասնական մէկ ծրագրին''յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ ''արմատախիլ եղած մշակոյթ մը, արմատախիլ եղած ընտանիք մը, առանց պատմութեան, առանց յիշողութեան եւ առանց արմատի ընտանիք կը դառնայ''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա դիտել տուաւ թէ յաճախ մեր զաւակներէն կը պահանջենք  անհամաչափ կազմաւորում, ոլորտներու մէջ զոր կարեւոր կը նկատենք իրենց ապագային համար, սակայն կարեւորութիւն չենք տար այն իրողութեան թէ անոնք ճանչնալու են նաեւ իրենց երկիրը, իրենց արմատները։

Պատանեկան շրջանը` արժէքաւոր շրջան է մեր զաւակներու կեանքին մէջ։ Դժուար ժամանակ է` այո՛։  Փոփոխութիւններու ու անկայունութեան շրջան` այո՛։ Մեծ տագնապներով ժամանակաշրջան ու յատակէս աճումի ժամանակաշրջան` անոնց ու համայն ընտանիքին համար, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ` պատանեկան ժամանակաշրջանը հիւանդութիւն մը չէ ու թէ ամէն մէկ զաւակ` փորձարկելու է այդ շրջանը, ապրելով անոր դժուարութիւններն ու գեղեցկութիւնը ու ծնողները պարտականութիւնն ունին անոնց ընկերանալու` որպէսզի անոնց երազները դառնան ծրագիրներ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա զգուշացուց ընկերութեան մասնայատումէն, ու հրաւիրեց  այնպէս ընել որ պատանիները իրենք զիրենք զգան ընկերութեան մաս ու դերակատարներ, որպէսզի իրենք եւս սատարեն ընկերութեան կառուցումին։ Այս առընչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց չափահասներուն օրինակ դառնալու իրենց զաւակներուն եւ զգուշանալու  ''յաւերժական երիտասարդութեան'' երեւոյթէն, այնպէս ինչպէս դատապարտեց սպառողականութեան երեւոյթը, յանձնարարելով թէ ''խնայողութիւնը անհամեմատելի հարստութիւն է։ Կ՛արթնցնէ սրամտութիւնն ու ստեղծագործութիւնը ու կը ստեղծէ երեւակայութեան  հնարաւորութիւններ ու յատկապէս բացուածք մըն է խմբային աշխատանքի, զօրակցութեան աշխատանքի։ Բացուածք մըն է ուրիշներուն'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը որ խորհրդածութեան աւարտին ուզեց յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղել Կարդինալ Վալլինիին, որ յառաջիկայ 29 Յունիսին կ՛աւարտէ իր Հռոմի տեղապահ արքեպիսկոպոսի պաշտօնը եւ որուն կը յաջորդէ գերապայծառ Անճելօ Տէ Տոնադիսը. ''Այս տարիներու ընթացքին, Կարդինալ Վալլինին ինծի օգնեց ոտքերս գետին պահել'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր շնորհակալական խօսքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.