2017-06-20 11:22:00

Տօն Սրբոցն կուսանաց Նունէի եւ Մանեայ։


Սուրբ Նունէն և Մանէն հռիփսիմեանց կոյսերու խումբէն էին, որ Դիոկղետիանոս կայսեր հալածանքներու ժամանակ թողեր էին Հռոմն ու եկեր հասեր էին Հայաստան: Սակայն այս երկու կոյսերուն Տիրոջ կողմէն նախախնամուած չէր նահատակուիլ իրենց հաւատակիցներուն հետ: Նունէ կոյսը (վրացական աղբիւրներուն մէջ` Նինո) հայոց Տրդատ թագաւորի հալածանքներէն ազատուելով` կը մեկնի Վրաստան, Մծխիթա մայրաքաղաքը, ուր կը շարունակէ ապրիլ սրբակենցաղ աղօթական կեանքով և քարոզելով, որուն որպէս արդիւնք ընդհանուր ժողովուրդի դարձի պատճառ կը դառնայ: Հռչակ կը ստանայ իր գործած հրաշքներու և բարեգործութիւններու պատճառով` կոյսը կը տարուի արքունիք, ուր կը բժշկէ հիւանդ թագուհին, ապա, հրաժարելով բոլոր թանկարժէք նուէրներէն, կը քարոզէ Տիրոջ Աւետարանը: Միհրան թագաւորը ևս, անմիջապես իր վրայ զգալով իրեն անծանօթ Աստուծոյ զօրութիւնը, դարձի կու գայ: Աւետարանը կը քարոզուի նաև երկրի մեծամեծերուն: Այս բոլորին որպէս արդիւնք Նունէի խորհուրդով պատուիրակութիւն կ՛առաքուի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին և Տրդատ թագաւորին` խնդրանքով, որ հոգևորականներ ուղարկեն իրենց երկիրը մկրտութիւններ կատարելու և սպասաւորելու ժողովրդին: Այսպիսով սուրբ Նունէն կը դառնայ Վրաստանի առաքելուհին: Մանէ և Նունէ կոյսերու յիշատակը կը տօնուի Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին յաջորդող երեքշաբթի օրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.