2017-06-20 08:25:00

Սկիզբ առաւ «Արի Տուն» ծրագիրը։


19 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի 2017-ի առաջին փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին 163 սփիւռքահայ պատանիներ 7 երկիրներէ` Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ղազախստանէն, Քանատայէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն եւ Ֆրանսայէն:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ նշեց, թէ մինչ այդ 10-20 ապրիլ  «Արի տուն» ծրագիրի յատուկ փուլով Հայաստան այցելած էին 66 պատանիներ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի «Ս. Մեսրոպ Արապեան», Փարիզի «Դպրոցասէր» եւ Մարսէյի «Համազգային» վարժարաններէն` 10 ուսուցիչի ուղեկցութեամբ:

«Սիրելի՛ արիտունցիներ, բարով եկած էք հայրենիք: Շնորհակալ ենք ձեր ծնողներուն, ուսուցիչներուն, որոնք վստահեցան եւ Հայաստան ուղարկեցին ձեզ` մասնակցելու հայրենաճանաչութեան այս լաւագոյն ծրագիրին: Հիւրընկալ ընտանիքներուն մէջ 9 եւ ճամբարային 5 օրերու ընթացքին դուք պիտի այցելէք Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, թանգարաններ, հանդիպումներ պիտի ունենաք պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու հետ: Հայաստանի մէջ սորվեցէ՛ք, կատարելագործեցէ՛ք ձեր մայրենին եւ յիշեցէ՛ք, որ միայն լաւ մարդ  եւ մրցունակ մասնագէտներ դառնալով կրնաք ստեղծել ձեր արժանապատիւ ապագան եւ ձեր լուման ներդնել հայրենիքի շէնացման գործին», ըսաւ նախարար Յակոբեան:

Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան նախարարութիւններուն եւ համայնքային ծառայութիւններուն` «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցները Հայաստանի մէջ յաւուր պատշաճի ընդունելու, տեղաւորելու, անոնց անվտանգութիւնն ու ժամանցը կազմակերպելու համար:

Այնուհետեւ նախարարը աւանդութեան համաձայն «Արի տուն» ծրագիրի տարբերանշանով շապիկը հագցուց ծրագիրի ամէնէն կրտսեր մասնակիցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.