Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով ամերիկեան օժուժին կողմէ սուրիական ռմբաձիգի վար առնուելուն դէպքը, յայտարարեց. «Մոսկուա կը զգուշացնէ Միացեալ Նահանգները սուրիական կառավարական ուժերուն դէմ ուժ կիրարկելէն»:
Նախարարութիւնը նշեց, որ մտահոգ է սուրիական օդանաւի վար առնուելուն դէպքով եւ զայն կը նկատէ «դէպի վտանգաւոր մագլցում առաջնորդող քայլ մը»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտարարեց, որ բոլոր երկիրները պարտաւոր են յարգել Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Սուրիոյ հողին վրայ բոլոր գործողութիւնները պէտք է համակարգուած ըլլան Դամասկոսի հետ:
Լաւրովի խօսքով` Մոսկուա կոչ կ՛ուղղէ Ուաշինկթընի` աշխատանքի համակարգում ապահովելու Սուրիոյ մէջ եւ յարգելու այդ երկրին գերիշխանութիւնը` նշելով, որ լարուածութեան մեղմացման գօտիները միասնաբար յառաջ ընթանալու հաւանական տարբերակներէն են:
«Բոլորը կը հրաւիրենք խուսափելու միակողմանի գործողութիւններէն, յարգելու Սուրիոյ գերիշխանութիւնը եւ ներգրաւուելու մեր ընդհանուր աշխատանքին մէջ, որ համակարգուած է Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան կառավարութեան հետ», աւելցուցած է Լաւրով:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ մեր ուժերու գործունէութեան շրջանին վերեւ որեւէ թռչող սարք թիրախ պիտի նկատենք»` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն սուրիական օդանաւը վար առնելէ առաջ Մոսկուայի հետ կապ չհաստատեց»: Նախարարութիւնը ամերիկեան ղեկավարութենէն պահանջեց սուրիական օդանաւի վար առնուելուն շուրջ հետաքննութիւն կատարել եւ ատոր արդիւնքը փոխանցել Ռուսիոյ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |