2017-06-20 08:29:00

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը կը շարունակէ մնալ հաւատարիմ իր առաքելութեան։


Նկատի ունենալով, որ այս տարի 65-ամեակն է Ս. Աստուածածին մատրան, դպրեվանքի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 18 յունիս 2017-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ գտնուող համանուն մատրան հովանիին ներքեւ` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն, ուսուցչական կազմին եւ դպրեվանքի բարերարներուն, բարեկամներուն, ծանօթներուն եւ դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող ու սատարող հայորդիներուն:

Ամավերջի հանդէսը սկիզբ առաւ դպրեվանքի քայլերգով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրեվանքի փոխտեսուչ Գարեգին վրդ. Շխրտըմեան: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հերթաբար ներկայացուց յայտագիրին ընթացքը: Նախ եւ առաջ, խումբ մը դպրեվանեցիներ հոգեւոր երաժշտութիւն մատուցեցին ներկաներուն` կիթառի կատարումով, որմէ ետք բեմ բարձրացան այլ տաղանդաւոր դպրեվանեցիներ եւ իրենց տաղանդը արտայայտեցին հայ բարձրորակ երաժշտութիւն հրամցնելով ներկաներուն` դաշնակի ճամբով: Ապա, Աւետիս սրկ. Ասայեան, յանուն աւարտական դասարանի աշակերտութեան, եւ առ ի երախտագիտութիւն իրենց ութամեայ խնամքին եւ հոգածութեան դպրեվանքին մէջ, կարդաց ուղերձ մը: Ուղերձին ընթերցումէն ետք, դպրեվանեցիներ հայկական տուտուկին կատարողութեամբ, Կոմիտասի յօրինումներով դիւթեցին ներկաները: Ապա, դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ դպրեվանքի հսկիչ Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի, հայ մշակոյթի գոհարներով եւ կրօնական ու ազգային երգերու շունչով ներշնչեց հանդիսատեսները:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, բեմ բարձրացաւ դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան, որպէսզի ներկայացնէ դպրեվանքի տարեկան տեսչական տեղեկագիրը: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աստուածային օգնականութեամբ եւ երկնային բարեխնամ տնօրինումով, մենք այսօր ականատես կը դառնանք դպրեվանքի 86 հատորներէ բաղկացած պատմութեան մատենաշարին վրայ 87-րդ հատորի մը յաւելումին: Պարզ դպրոցական հանդէս մը չէ այստեղ կատարուածը, այլ մարդակերտման առաքելութեան հսկայածաւալ պատմութեան վրայ իր տարեկան յաջողութիւններով ու իրագործումներով էջեր է, որ կ՛աւելցնէ դպրեվանքը»:

Ապա, տեսուչ հայր սուրբը բեմ հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, որպէսզի աւարտական դասարանի աշակերտները վեհափառ հայրապետին ձեռամբ ստանան իրենց դպրեվանքեան հոգեմտաւոր կազմաւորման ութ տարիներու արգասիքը հանդիսացող վկայականները:

Վկայականաց բաշխումէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս անգամ մը եւս վեր առաւ դպրեվանքի լոյսի աղբիւր ըլլալու եւ լոյս ջամբող հայակերտումի ու մարդակերտումի կեդրոն ըլլալու իրականութիւնը: Վեհափառ հայրապետը յատկապէս շեշտեց. «Մարդակերտումը եւ հայակերտումը սովորական բառեր չեն մեզի համար: Ուսում ջամբելը դիւրին է, սակայն մարդուն մէջ մա՛րդը կերտելը, նկարագի՛ր կազմելը շատ դժուար է, եւ ահա այս առաքելութեան լծուած է մեր դպրեվանքը: Այս օրերուն մանաւանդ, սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, մեր բոլոր գաղութները մարդու կարիքը ունին: Ո՛ւր ալ նայինք, ի՛նչ մակարդակի վրայ ալ գտնուինք, մարդուժի պակասը միշտ ալ զգալի է: Դպրեվանքը իր սրբազան առաքելութեամբ այս բացն է, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կը փորձէ լեցնել, եւ այս իմաստով հայ սփիւռքը շատ բան կը պարտի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան»:

Օրուան հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգի եւ «Կիլիկիա» քայլերգի երգեցողութեամբ: Յայտնենք, որ ներկաները ստացան դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքը, որ արտացոլացումն է ուսանողներու հոգեմտաւոր աշխատանքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.