2017-06-19 13:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ''Signis'' Կաթողիկէ ընկերակցութեան անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան)  19-էն-22 յունիս 2017, Քանատայի Քեպէք քաղաքին մէջ ընթացք  կ՝առնէ հաղորդագրութեան համար Կաթողիկէ  միջազգային Signis ընկերակցութեան համաշխարհային վեհաժողովը։  

Այս առթիւ,  յանուն  Ֆրանչիսկոս Պապին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պատգամ մը յղած է ժողովականներուն, յայտնելով  Նորին Սրբութեան քաջալերանքը շարունակելու որոնել արուեստագիտական  եւ ընկերային բոլոր միջոցները, համագործակցելու խաղաղութեան Աւետարանի հռչակումի եկեղեցւոյ առաքելութեան։

Նորին Սրբութիւնը ապա մաղթանք յայտնած է որ Վեհաժողովը կարողանայ ներշնչել յոյս՝ հասանելի բոլորին, նոյնիսկ այն վայրերուն մէջ ու կեանքը կը ճանչնայ ձախողութեան դաժանութիւնը'' մինչ պատգամին աւարտին Ան բոլորին շնորհած է իր առաքելական օրհնութիւնը։

Յայտնենք թէ Signis կաթողիկէ ընկերակցութեան վեհաժողովին, ՝ 19 յունիս 2017-ին, յատուկ նիստ մը  պիտի գումարուի ''Վատիկանի հաղորդամիջոցներու բարենորոգումի նիւթին մասին'',  ունենալով որպէս բնաբան. հաղորդամիջոցը՝ խաղաղութեան մշակոյթի  ի սպաս. զարգացնել յոյսի պատմութիւններ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.