2017-06-19 09:36:00

Մաքրոնի կուսակցութիւնը ապահովեց ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը


Նախագահ Մաքրոնի «Յառաջ ընթացող հանրապետութիւն»-ը Ազգային ժողովի 577 աթոռներէն 355-ը ապահովելով կազմեց խորհրդարանի մեծամասնութիւնը, իսկ անոր դաշնակից Ժողովրդավարական շարժումը ապահովեց 44 աթոռներ: Հանրապետականներ կուսակցութիւնը ապահովեց 125 աթոռ, Ընկերվարական կուսակցութիւնը` 49, «Չընկճուած Ֆրանսան»` 19, Անկախ ժողովրդավարներու միութիւնը` 17, իսկ Ազգային ճակատը` 8: Վերջինս զրկուեցաւ խորհրդարանին մէջ պլոք կազմելու իրաւունքէն:

Մասնակցութեան համեմատութիւնը շատ ցած էր: Քուէարկողներուն 56,6 առ հարիւրը չմասնակցեցաւ ընտրութեան:

Ֆրանսացի քուէարկողները երէկ դարձեալ ուղղուեցան քուէարկութեան կեդրոններ` մասնակցելու համար խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին: Աւանդական կուսակցութիւնները քուէարկողներուն կոչ ուղղեցին աջակցելու նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հիմնած «Յառաջ ընթացող հանրապետութիւնը» կուսակցութեան թեկնածուներուն մրցակիցներուն, որպէսզի նախագահը իշխանութեան վրայ մենաշնորհ չհաստատէ:

Մաքրոն իր կուսակցութիւնը հիմնած է շուրջ մէկ տարի առաջ եւ անոր երեսփոխանական թեկնածուներուն կէսը կա՛մ երբեք քաղաքական փորձառութիւն չունի, կա՛մ ալ շատ քիչ փորձառութիւն ունի:

Կուսակցութիւն մը 577 աթոռներէ բաղկացած Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն ունենալու համար կարիքը ունի ապահովելու 289 աթոռ:

Նախագահական ընտրութեան առաջին փուլին Մաքրոնի կուսակցութիւնն ու անոր դաշնակից Ժողովրդավարական շարժումը ստացած էին քուէներուն 32,3 առ հարիւրը, Հանրապետականները` 21,5 առ հարիւրը, ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատը` 13,2 առ հարիւրը, արմատական ձախակողմեան «Չընկճուած Ֆրանսան» կուսակցութիւնը` շուրջ 11 առ հարիւր, Ընկերվարական կուսակցութիւնն ու անոր դաշնակիցները` 9,5 առ հարիւր:








All the contents on this site are copyrighted ©.