2017-06-18 09:07:00

Ամենասուրբ Հաղորդութեան տօնին պատարագն ու թափօրը Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 18 Յունիսի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւանդութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքի ընթացքին կը ներկայացնէ խորհրդածութիւն մը որուն մէջ սովորութեան համաձայն կ՛անդրադառնայ օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն ու ծիսական տօնակատարութեան։

Ըստ Լատինաց Կիրակի 19 Յունիսին Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնն է եւ տօնին առթիւ, երեկոյեան 19-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ  Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնի յիշատակութեան արարողութիւնները որոնց աւանդութեան համաձայն սկիզբ կ՛առնեն  Հռոմի Լատերանեան Ս. Յովհաննէսի անուան մայր տաճարի հրապարակին վրայ, ուր Սրբազան Պապը կը հանդիսապետէ Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնի սուրբ պատարագը,  որուն աւարտին ապա կը գլխաւորէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը որ սկիզբ կ՛առնէ  Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի հրապարակէն ու վերջ կը գտնէ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ - Աւագ Տիրամօր նուիրուած տաճարի հրապարակին վրայ։

1979-էն սկսեալ սոյն  տօնակատարութիւնը տեղի կ՛ունենար ըստ Լատինաց Յիսուսի Մարմնոյ եւ արեան տօնին առթիւ որ ընդհանրապէս կը զուգադիպի հինգշաբթի օր, սակայն Ֆրանչիսկոս Պապին կարգադրութեամբ­, այս տարի­­,  տօնակատարութիւնը փոխադրուեցաւ կիրակի օրուայ, աւելի մեծ թիւով հաւատացեալներուն մասնակցութեան առիթ ընծայելու համար։

Յայտնենք թէ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնի աւանդական թափօրը հաստատուած է 16րդ դարուն։ Մինչ Սուրբ  Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատուած է նոյնինքն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, վերնատան մէջ,  վերջին ընթրիքի պահուն, որ կը յիշատակուի Զատկուայ շրջանի` Աւագ հինգշաբթի օրը երեկոյեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.