2017-06-17 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Լոնտոնի հրդեհի զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 17 Յունիս 2017-ին, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին,  ցաւակցական հեռագիր մը յղեց յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, Ուեսթմինթերի Արքեպիսկոպոս` կարդինալ Վինսէն Նիքոլսին, որուն մէջ յայտնեց Նորին Սրբութեան կսկիծը ի լուր Լոնտոնի մէջ հրդեհուած բազմայարկանի շէնքին պատճառած ողբերգութեան ու կեանքի կորուստներուն։

Կարդինալ Փարոլին ապա յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր զոհերուն հոգիները կը յանձնէ Աստուծոյ ողորմութեան ու իր սրտագին ցաւակցութիւնները կը փոխանցէ անոնց ընտանեկան պարագաներուն։

Սրբազան Պապը գնահատած է ապա ''շտապ օգնութեան'' մարմիններու բոլոր ջանքերը,  տեղական հասարակութեան վրայ հայցելով` խաղաղութեան եւ քաջալերանքի Աստուածային օրհնութիւններ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.