2017-06-17 13:54:00

Ֆրանչիկսոս Պապին ցաւակցագիրը Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Հելմութ Քոհլի մահուան առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Հելմութ Քոհլի մահուան առիթով, շաբաթ, 18 յունիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցագիր յղեց Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքելին, որուն մէջ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց, Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Հելմութ Քոհլի երկար ժամանակի ծանր հիւանդութենէն ետք մահուան համար։

Սրբազան հայրը իր ցաւակցութիւնները փոխանցած է ողորմածին ընտանիքին եւ Գերմանիոյ համայն ժողովուրդին ապա նշած  է թէ Վարչապետ Քոհլ  եղած է պետութեան եւ Եւրոպայով համոզուած մարդ,  որ անխոնջ աշխատանք տածած է  Գերմանիոյ եւ անոր սահմանակից Եւրոպական  երկիրներուն բնակչութեան բարիքին ի սպաս։

Թող որ ողորմած Աստուած հատուցէ անոր անխոնջ աշխատանքը ի սպաս Գերմանիոյ եւ Եւրոպական միութեան միացումին համար ինչպէս նաեւ իր յանձնառումին համար վասն խաղաղութեան եւ համերաշխութեան գրեց Քահանայապետը հեռագիրին մէջ ապա Հայցեց Տիրոջմէ յաւիտենական հանգստութիւն՝ երկնային հայրենիքին մէջ շնորհելով  առաքելական ու մխիթարանքի օրհնութիւններ բոլոր անոնց որոնք կը սգան վարչապետին մահը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.