2017-06-17 12:00:00

Կաշառակերութեան մասին բանավէճ. Մարդկային համապարփակ զարգացման Ժողովի հաղորդագրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող կաշառակերութեան դէմ միջազգային բանավէճ-ժողովի աւարտին, Շաբաթ, 17 յունիս, 2017-ին, Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւնը մը, որուն մէջ նշեց թէ  Քահանայապետական ընկերային գիտութիւններուն կաճառի համագործակցութեամբ տեղի ունեցող յիշեալ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած են մաֆիայի եւ կաշառակերութեան դէմ գործող  50 դատախազներ, Վատիկանեան հաստատութիւններու,  ՄԱԿ- ի եւ այլ շարժումներու պատկան անձնաւորութիւններ, լրագրողներ, մտաւորականներ ինչպէս նաեւ կարգ մը դեսպաններ։

Հաղորգագրութեան մէջ  նշուած է նաեւ , թէ մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին կառավարիչ՝  Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն, ժողովի ժամանակ,  Մաֆիայի եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարը նկատած  է  ոչ միայն օրէնսդրական այլեւ քաղաքացիական հարց։ 

Ւսկ ինչ կը հայի ժողովի կէտնպատակին, ծիրանաւորը  նշած է,  թէ միջազգային   կաշառակերութեան դէմ բանավէճի  գումարումի կէտնպատակն է  պայքարիլ կաշառակերութեան երեւոյթին դէմ, որ  կ՛ ոտնակոխէ մարդու արժանապատուութիւնը.  ան ապա ընդգծած է ,  որ Վատիկանի Մարդկայաին համապարփակ զարգացման ծառայութեան   ժողովին պարտականութիւնն է պաշտպանել եւ զարգացնել անձի արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքը, շարժել հանրային կարծիքը, նախաձեռնել շօշափելի քայլեր որոնք կրնան նպաստել  կաշառակերութեան կանխարգիլման։

Մինչ՝ վերոյիշեալ Վատիկանեան ժողովի անդամ Գերապայծառ Թոմմազի  իր ունեցած ելոյթին մէջ կաշառակերութեան երեւոյթը  նկատած է որպէս ցեց որ  կը ներխուժէ աղքատ կամ հարուստ երկիրներու զարգացման գործընթացէն ներս  եւ կը խանգարէ անհատներու եւ հաստատութիւններուն միջեւ կապերը։

Հաղորդագրութեան աւարտին նշուած է, թէ մօտ օրէն պիտի հրապարակուի ժողովի մասնակցած անդամներու կողմէ  բաժնեկցուած փաստաթուղթ  մը, որ որպէս ուղեգիծ պիտի պիտի ծառայէ  ապագայի ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.