Գերմանիոյ նախկին վարչապետ եւ 1990-ին Գերմանիան վերամիացուցած ղեկավար Հելմութ Քոհլ մահացաւ: Ան 87 տարեկան էր:
Քոհլ 16 տարիներ շարունակ ղեկավարեց Գերմանիան (1982-1998): Պերլինի պատի տապալումէն ետք արեւելեան եւ արեւմտեան Գերմանիաներու վերամիացումը կը վերագրուի իրեն:
Քոհլ իր ֆրանսացի սերտ գործակից նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի հետ ստեղծեց եւրոն:
Քրիստոնեայ – ժողովրդավարականներու ղեկավար Քոհլ 20-րդ դարու ամէնէն երկար իշխած վարչապետն էր: Եւրոպական համարկումին բուռն հաւատացող մը ըլլալով, ան գերմանացիները համոզեց հրաժարելու իրենց տէօչմարքէն եւ որդեգրելու եւրոն:
Ան ծնած էր 3 ապրիլ 1930-ին` կաթողիկէ պահպանողական ընտանիքի մը մէջ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |